Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն՝ վերջին շաբաթներու ընթացքին, աշխարհի մէջ արձանագրուած է կապիկի ծաղիկ հիւանդութեան մօտաւորապէս 80 պարագայ առնուազն 12 երկրի մէջ եւ 50 կասկածելի պարագայ հետազօտութեան տակ է տակաւին։
Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը տեղեկացուցած է, որ հիւանդութեան պարագաները հաստատուած են եւրոպական 9 երկրի մէջ (Մեծն Բրիտանիա, Սպանիա, Փորթուկալ, Գերմանիա, Պելճիքա, Ֆրանսա, Հոլանտա, Իտալիա եւ Շուէտ), ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ։ Մինչեւ օրս, հիւանդութեան պարագաներ արձանագրուած են Ափրիկեան երկիրներու մէջ կամ կապուած եղած են այդ երկիրներ ճամբորդութեան հետ։
Նշենք, որ կապիկի ծաղիկը անասուններէն մարդոց փոխանցուող, հազուադէպօրէն պատահող, ժահրային ծագում ունեցող հիւանդութիւն է, որ հիմնականին մէջ կ՛արձանագրուի Կեդրոնական եւ Արեւմտեան Ափրիկէի հեռաւոր շրջաններուն մէջ: Ժահրը մարդուն կը փոխանցուի հիմնականին մէջ վայրի կենդանիներէն, ինչպէս՝ կրծողները եւ «փրայմէյթ»ները (շէմփանզէ, կորիլա, օրանկութան եւ այլն):
Կապիկի ծաղիկի ժահրը (Orthopoxvirus) նման է բնական ծաղիկի ժահրին:
Վարակումը անասուններէն տեղի կ՛ունենայ՝ կենդանիներու (վարակուած) արեան, կենսաբանական հեղուկներու, ինչպէս նաեւ՝ վնասուած մաշկի կամ լորձաթաղանթի հետ անմիջական շփումի պարագաներուն:
Վտանգի հաւանական գործօններէն է՝ համապատասխան ջերմային մշակման չենթարկուած, վարակուած անասուններու միսի օգտագործումը: Վարակի փոխանցումը մարդէն մարդու սահմանափակ է եւ հիմնականին մէջ տեղի կ՛ունենայ օդակաթիլային ճամբով եւ/կամ վարակուած հիւսուածքի հետ երկարատեւ սերտ շփումի պարագային։
Յայտնի է, որ կապիկի ծաղիկը կը փոխանցուի նաեւ օգտագործուած անձեռոցի եւ անկողինի վերաբերեալ իրերու միջոցով: Վարակի դէմ յատուկ բուժում կամ պատուաստ տակաւին չկայ, սակայն վարկած կայ, որ բնական ծաղիկի դէմ նախապէս ստացուած պատուաստը կ՛ապահովէ կապիկի ծաղիկի արդիւնաւէտ կանխարգիլումը:
Հիւանդութեան գաղտնի շրջանը բնականաբար կ՛երկարի 5-21 օր, բնորոշող ախտանշաններն են՝ տաքութիւն, սաստիկ գլխացաւ, «լիմֆաթիք» հանգոյցներու ընդլայնում, ցաւ մէջքի բաժնին մէջ, մկանացաւ, արտայայտուած թուլութիւն: Տաքութեան սկիզբէն 1-3 օր անց, ի յայտ կու գայ ցանաւորումը, ցանը կը սկսի դէմքի շրջանէն եւ ապա կը տարածուի մարմնի տարբեր մասերուն վրայ:
Հակառակ այն փաստին, որ հիւանդութիւնը կ՛ընթանայ շատ աւելի թեթեւ, ախտանշանները ինքնուրոյն կ՛անհետանան քանի մը շաբթուան ընթացքին, սակայն որոշ պարագաներու անիկա կրնայ յանգեցնել բարդութիւններու եւ նոյնիսկ մահուան (մահաբերութիւնը՝ 1%-10%):
Կապիկի ծաղիկի կանխարգիլման նապատակով անհրաժեշտ է.
- խուսափիլ ախտանշաններ ունեցող անձի հետ երկարատեւ սերտ շփումէն,
- չներկրել «էկզօթիք» կապիկներ («փրայմէյթ»ներ) եւ կրծողներ,
- կենդանական միս կամ ատոնց մասերը ընդգրկող բոլոր ուտելիքները ենթարկել բաւարար ջերմային մշակման, որ կը պաշտպանէ ինչպէս այս, այնպէս ալ՝ այլ վարակիչ հիւանդութիւններէն,
- կենդանաբանական այգիներ այցելելու ժամանակ խուսափիլ կապիկներու եւ կրծողներու հետ շփումներէն։
Եթէ ճամբորդած էք Ափրիկէ կամ շփում ունեցած էք այնտեղէն վերադարձած անձի մը հետ՝ մաշկի ցանաւորման եւ այլ ախտանշաններու պարագային անմիջապէս անհրաժեշտ է դիմել վարակաբանի խորհրդատւութեան։