2024-ին աշխարհի շատ երկիրներու մէջ դարձեալ բռնկած է կապոյտ հազի համաճարակը․ միայն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ արձանագրուած է աւելի քան 18,500 պարագայ, տեղեկացուցած է Euronews-ը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի կեդրոնի (CDC) տուեալներով՝ Միացեալ Նահանգներուն մէջ ներկայիս հիւանդութեան դէպքերու թիւը հինգ անգամ աւելի բարձր է, քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, որ ամենէն բարձր մակարդակն է 2014 թուականէն ի վեր։
Այս զարգացումները տեղի կ՛ունենան նաեւ Եւրոպայի մէջ իրավիճակի վատթարացման հետ միատեղ։ Առողջապահութեան ֆրանսական մարմինները կը տեղեկացնեն վերջին 25 տարիներուն ամենէն լուրջ համաճարակի մասին։ Անցեալ ամիս Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուցած էր, որ համաճարակը կը շարունակուի 2024-ի սկիզբէն եւ «զօրացած է վերջին ամիսներուն»։ Արձանագրուած է մօտաւորապէս 35,000 դէպք CPR քննութիւններու օգնութեամբ։ Հիւանդութեան պատճառով Ֆրանսայի մէջ մահացած է 22 փոքրիկ,որոնցմէ 20-ը՝ մանուկ։ Հանրային առողջապահութեան գործակալութեան տուեալներով՝ համաճարակային վերահսկողութեան համակարգը Ֆրանսայի մէջ արձանագրած է աւելի քան 130,000 դէպք ընտանեկան կամ առաջնային բժիշկներու մօտ։
Կապոյտ հազը կը սկսի որպէս սովորական «կրիփ». kը յառաջանայ հազ, որ շաբաթներ կ՛երկարի։
Հիւանդութիւնը յատկապէս վտանգաւոր է չպատուաստուած կամ մասամբ պատուաստուած փոքրիկներու համար։ Անոնք կրնան չհազալ, բայց շնչառական դժուարութիւններ ունենալ։ Մասնագէտները կը նշեն, որ կանխարգիլման լաւագոյն միջոցը պատուաստումն է։
Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի եւրոպական կեդրոնի (ECDC) տուեալներով՝ պատուաստումը յղութեան ժամանակ «շատ արդիւնաւէտ է հիւանդութեան եւ մահուան կանխումին համար նորածիններու պարագային, որոնք դեռ շատ փոքր են պատուաստուելու համար»։
Ընդհանրապէս կապոյտ հազի բռնկումները տեղի կ՛ունենան «սայքըլ»ներով, 3-5 տարին անգամ մը։ Բռնկումը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը վկայէ «աւելի բնորոշ միտումներուն վերադառնալու» մասին քովիտի համավարակէն ետք, որուն ժամանակ կապոյտ հազի դէպքերը զգալիօրէն նուազած էին, յայտնած է CDC-ն։
Ֆրանսական Փասթէօր հիմնարկի մասնագէտներուն կարծիքով՝ համավարակը խախտած է այդ փուլերու օրինաչափութիւնը։ Անցեալ ամիս հրապարակուած զեկոյցին մէջ նշուած է, որ այս տարի տեղի ունեցած է «աննախադէպ բարձրացում»։
Հիմնարկը կը կարծէ, որ այդ կրնայ կապուած ըլլալ դիմադրողականութեան տկարացման հետ COVID-19-ի համավարակի ժամանակ։
Անոնք նաեւ «յայտնաբերած են “պաքթիրիըլ այզոլէյթ», որ կայուն է առաջին շարքի հակապայոթիքներու հանդէպ, եւ տեղեկագրած են կապոյտ հազ յառաջացնող պաքթիրիաներու շտամներու վերահսկումի անհրաժեշտութեան մասին։
Եւրոպական կեդրոնի զեկոյցին մէջ նշուած է, որ 2023-ին եւ մինչեւ 2024-ի ապրիլ ամիսը եւրոպական երկիրներու մէջ արձանագրուած է մօտաւորապէս 60,000 դէպք, ինչ որ մօտաւորապէս տասը անգամ աւելի է, քան 2021 եւ 2022 թուականներուն։
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ առողջապահութեան անվտանգութեան գործակալութեան (UKHSA) տուեալներով՝ Անգլիոյ մէջ 2024-ի Յունուարէն արձանագրուած է 13,000 դէպք եւ 10 փոքրիկներ մահացած են։
2024-ի սկիզբը հիւանդութեան դէպքերու թիւը բարձրացած է, «ինչպէս եւ կը սպասուէր սովորական եղանակային օրինաչափութիւններու հիման վրայ», նշած է գործակալութիւնը։ Յունիս-Օգոստոս ամիսներուն ընթացքին թիւերը նուազած են, բայց եւ այնպէս մնալով բարձր՝ բաղդատած այն տարիներուն հետ, որոնք համավարակէն առաջ էին։
«2024-ի երկրորդ եռամսեակին հաստատուած դէպքերը զգալիօրէն աւելի բարձր եղած են, քան 2012-ի որեւէ եռամսեակին, երբ տեղի ունեցած է հիւանդութեան մեծ բռնկում»,- աւելացուցած է գործակալութիւնը։