Կասիան աշխարհի հնագոյն եւ ամենէն շատ օգտագործուող համեմներէն մէկն է, որ կը գնահատուի ոչ միայն իր համին, այլ՝ իր բուժիչ յատկութիւններուն համար: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բնական արտադրանքի հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի գիտնականները բացայայտած են, որ կասիայի «աքթիվ» բաղադրիչ մը կրնայ խանգարել բժիշկի մը կողմէ նշանակուած դեղերու արդիւնաւէտութիւնը: Անոնց բացայայտումները հրապարակուած են Food Chemistry բժշկական ամսագրին մէջ:
Հետազօտողները բացայայտած են, որ կասիայի հիմնական միացութիւնը՝ «սինամալտեհիտ»-ը, կ՛աշխուժացնէ օրկանիզմին մէջ դեղերու նիւթափոխանակութեան համար պատասխանատու ընկալիչները։ Այս կը նշանակէ, որ չափէն աւելի կասիա օգտագործելը կրնայ յանգեցնել օրկանիզմէն դեղերու աւելի արագ արտազեղումին՝ նուազեցնելով անոնց արդիւնաւէտութիւնը:
«Եթէ անձ մը մեծ քանակութեամբ կասիայի յաւելումներ ստանայ՝ առանց բժիշկին տեղեակ պահելու, այդ կրնայ պատճառ դառնալ, որ անոր դեղը չազդէ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած է», – ըսած է կեդրոնի աւագ գիտական աշխատանք կատարող Շապանա Խանը:
Թէեւ առաւօտեան սուրճին մէջ քիչ մը կասիա աւելցնելը անվնաս է, բարձր խտութեամբ յաւելումները կրնան վտանգներ ներկայացնել յատկապէս քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցող մարդոց համար, ինչպէս՝ շաքարախտը, արեան բարձր ճնշումը կամ ընկճախտը:
Կասիայի տարբեր տեսակներ ունին վտանգի տարբեր մակարդակներ: Կասիային իւղը, որ կ՛օգտագործուի որպէս համեմ կամ արտաքնապէս որպէս «հակասեփթիք», գործնականապէս որեւէ ազդեցութիւն չունի դեղերու վրայ: Այնուամենայնիւ, կասիային կեղեւը, յատկապէս «քասիա» տեսակը, որ կը պարունակէ «քումարին»-ի բարձր մակարդակ՝ բնական «հակաքոակիւլանթ», կրնայ վտանգաւոր ըլլալ արիւնը նոսրացնող դեղեր ստացող մարդոց համար:
«Սրի Լանքայէն իսկական «սեյլոնեան» կասիան կը պարունակէ շատ աւելի նուազ «քումարին» եւ հետեւաբար կը նկատուի աւելի անվտանգ», – ըսած է կեդրոնի փոխ տնօրէն Ամար Չիթիպոյնան:
Գիտնականները նշած են, որ կարեւոր է շարունակել ուսումնասիրել կասիայի կենսաքիմիական ազդեցութիւնը օրկանիզմին վրայ եւ անոր հաւանական փոխազդեցութիւնները դեղերու վրայ։ Այնուամենայնիւ, որովհետեւ տակաւին քլինիքային փորձարկումներու արդիւնքները հասանելի չեն, հետազօտողները կը յանձնարարեն զգոյշ ըլլալ:
«Իւրաքանչիւր անձ, որ կը մտածէ կասիա օգտագործել որպէս յաւելում, յատկապէս անոնք, որոնք բժիշկի կողմէ նշանակուած դեղեր կը ստանան, պէտք է նախ խորհրդակցին իրենց բժիշկին հետ», – ըսած է հետազօտութեան համահեղինակ Պիլ Կըրլին։