Քալիֆորնիոյ Սան Տիեկոյի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, թէ ինչո՞ւ որոշ մարդիկ չեն վարակուիր Քորոնա ժահրով: Անոնք փոքրամասնութիւն են բնակչութեան մէջ, սակայն այս երեւոյթը բացատրութեան կարիք ունի, գրած է «Մետիք Ֆորում»-ը:
Աշխարհի գիտնականները այժմ աշխուժօրէն կ՛ուսումնասիրեն այն անձերը, որոնք այս ժահրով չեն վարակուած, յատկապէս այն մարդիկը, որոնք այնքան ալ չեն պաշտպանուած: Գիտնականները կ՛ուզեն գիտնալ, թէ ի՞նչն է, որ անոնց օրկանիզմին դիմադրողականութիւն կու տայ. արդեօք այդ մէկը հազուագիւտ «ճենեթիք» տարբերակ է, թէ՝ պարզապէս անհաւանական յաջողութիւն: Հետազօտութեան հեղինակները համոզուած են, որ կան մարդիկ, որոնք գրեթէ վստահօրէն չեն վարակուիր քորոնա ժահրով, բայց տակաւին պարզ չէ, թէ ինչու։
Եթէ պատճառը բացայայտուի, ապա անիկա կրնայ հիմք ծառայել դեղերու համար, որոնք կը կրկնօրինակեն մարդու օրկանիզմի այն առանձնայատկութիւնը, որ բնական ձեւով պաշտպանուած է քորոնա ժահրէն։ Յատկապէս, որ կան մարդիկ, որոնք գրեթէ երաշխաւորուած չեն վարակուելու HIV-ով, «Ալզհայմըր»ով կամ «Փարքինսըն»ով։ HIV վարակի նկատմամբ բնական դիմադրութիւն կայ, եւ երբ ատոր պատճառները բացայայտուեցան, դեղագործական ընկերութիւնները դեղեր ստեղծեցին, որոնք ուղղուած էին ճիշէ այն «մոլեքիւլ»ին, որ կը պաշտպանէր մարդը HIV-էն:
Բացայայտելը, թէ ինչո՞ւ որոշ մարդիկ բնական ձեւով պաշտպանուած են այս կամ այն հիւանդութենէն, շատ օգտակար է: Եւ երբ հետազօտողները ստանան այս հարցին պատասխանը, մարդկութիւնը մէկ քայլով կը մօտենայ համավարակի յաղթահարման։