«Քորոնա» ժահրի առկայութիւնը քննելու համար, սովորաբար, քսուկ կը վերցնեն բերանի եւ մարսողական խողովակի ու շնչառական ուղիի այն մասէն, (որ կը հանդիսանայ իբրեւ կապող օղակ մէկ կողմէն քիթի եւ բերանի խոռոչներու միջեւ, միւս կողմէն կերակրափողի եւ կոկորդի միջեւ)։
Ընկերային ցանցերու մէջ, մինչեւ այսօր, կարելի է գտնել բազմաթիւ յայտարարութիւններ, որ կարծես այդ գործընթացին ընտացքին, մարդու ուղեղին մէջ «չիփ», ժահրեր կամ այլ վտանգաւոր քիմիական նիւթեր կը տեղադրուին, որոնք կը վնասեն ուղեղը։ Իրականութեան կը համապատասխանե՞ն արդեօք այդ յայտարարութիւնները։ Այդ մէկը ստուգած է Reuters Fact Check team-ը։
Ընկերային ցանցերու մէջ, քննութեան ժամանակ, «չիփ» զետեղելու մասին գրառումներու բազմաթիւ հեղինակներ յղում կը կատարեն Ճիմ Սթոունի յօդուածին, որ բաւական տարածուած է ընկերային ցանցերու մէջ։ Այդ գրառումներուն մէջ, օգտատէրերը կը պնդեն, որ կարելի է «չիփ» տեղադրել կամ վարակել մարդու ուղեղը վտանգաւոր ժահրերով՝ բկանցքէն բամբակէ ծայրով երկար փայտի միջոցով քսուկ վերցնելու ժամանակ։
Այդ բոլոր պնդումները, բնականաբար, «չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Նախ քսուկներ վերցնելու համար գործիքը հականեխուած է, եւ չկան հիմնաւորումներ ենթադրելու, որ ատոնց վրայ կրնան գտնուիլ ժահրեր: Տակաւին աւելին, «անաթոմական» առումով, անկարելի է տեղադրել որեւէ բան մարդու ուղեղին մէջ՝ բկանցքէն քսուկ վերցնելու միջոցով։
Պէտք է նաեւ նշել, որ այսօրուան դրութեամբ, գոյութիւն չունին արհեստագիտութիւններ, որոնք կ՛արտօնեն ստեղծել այնքան փոքր սարք («չիփ»), որ անիկա կարելի չըլլայ տեսնել անզէն աչքով, եւ որ կրնայ երկար ժամանակ աշխատիլ ինքնուրոյն՝ առանց լիցքաւորումի։ Նմանօրինակ սարքերը մենք կրնանք տեսնել ֆիլմերու մէջ միայն, սակայն ոչ իրական կեանքի մէջ։
Կարելի է եզրակացնել, որ «քորոնա» ժահրի քննութիւններու մասին բոլոր մտահոգութիւնները անհիմն են․ չկան հիմքեր ատոնցմէ վախնալու կամ հրաժարելու համար։