Աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր երրորդ մանուկէն եւ դեռահասներէն մէկէն աւելին ունի կարճատեսութիւն՝ իր տեսակի ամենէն մեծ հետազօտութեան համաձայն:
Մասնագէտները չեն գիտեր, թէ կարճատեսութիւնը ինչո՞ւ տեղի կ՛ունենայ, բայց ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ այն փոքրիկները, որոնք երկար ժամանակ կ՛օգտագործեն համակարգիչներ կամ «սմարթֆոն»ներ, աւելի մեծ վտանգի ենթակայ են:
Կարճատեսութեան տարածուածութեան վերաբերեալ վերջին համաշխարհային հետազօտութիւնը կատարուած է 2015 թուականին: Հետազօտողները այժմ կը նպատակադրեն հաւաքել ճշգրիտ տուեալներ, թէ որքա՞ն տարածուած է կարճատեսութիւնը եւ ինչպէ՞ս անիկա կրնայ փոխուիլ ապագային: Ատով անոնք մտադիր են արժէքաւոր տեղեկատուութիւն տրամադրելու, որ կրնայ օգնել ձեւաւորելու հանրային առողջապահութեան քաղաքականութիւն եւ մշակելու կանխարգելիչ ռազմավարութիւններ կարճատեսութեան խնդրի լուծման համար հինգէն մինչեւ 19 տարեկան անձերու պարագային մինչեւ 2050 թուական:
Մինչեւ օրս ամենէն մանրակրկիտ «կլոպըլ» վերլուծութիւնը ցոյց կուտայ կարճատեսութեան կտրուկ աճը վերջին 30 տարիներուն ընթացքին, ակնկալուելով, որ փոքրիկներու եւ դեռահասներու շրջանակին մէջ կարճատեսութեան թիւը կրնայ հասնիլ 740 միլիոնի մինչեւ 2050 թուական:
Բրիտանական Journal of Ophthalmology ամսագրին մէջ հրապարակուած վերլուծութեան համաձայն՝ քաղաքային բնակավայրերու մէջ ապրող աղջիկներն ու փոքրիկները կամ դեռահասները աւելի հակում ունին կարճատեսութեան զարգացման։
Ըստ Կուէնզօ Սուն Եաթ-սեն համալսարանի հետազօտողներուն, կարճատեսութիւնը սովորաբար կը սկսի մանկութեան կանուխ օրերէն եւ տարիքի հետ աւելի կը վատթարանայ:
Ամենէն վերջին աշխատանքը նկատի ունեցած է եւ ներառած՝ բոլոր կարեւոր ուսումնասիրութիւնները եւ կառավարութեան պաշտօնագիրերը, որոնք հրապարակուած են մինչեւ 2023-ի Յունիս ամիսը: Ընդհանուր առումով 276 ուսումնասիրութիւններ ներառուած են վերանայման մէջ, որոնք կ՛ընդգրկեն աւելի քան հինգ միլիոն փոքրիկներ եւ դեռահասներ եւ կարճատեսութեան գրեթէ երկու միլիոն պարագայ Եւրոպայի, Ամերիկայի, Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Ովկիանիայի 50 երկիրներէ:
Հետազօտողները միացուցած են իրենց կողմէ վերանայուած բոլոր ուսումնասիրութիւններու տուեալները՝ ստեղծելու աւելի համապարփակ տուեալներու ամբողջութիւն մը: Տուեալները համախմբելով՝ անոնք նպատակ ունէին լուծելու աշխարհագրական եւ այլ գործօններու հետ կապուած տարբերութիւնները, որոնք կրնային ազդել արդիւնքներուն վրայ: Այդ կ՛օգնէ ապահովելու, որ անոնց վերլուծութիւնը աւելի զօրաւոր եւ ընդհանրական ըլլայ տարբեր համաթեքսթերու մէջ։
Վերլուծութիւնը ցոյց տուած է տարածուածութեան աճ 1990-2000 թուականներուն 24%-էն մինչեւ 25% 2001-2010 թուականներուն, որուն յաջորդած է աւելի կտրուկ աճ մինչեւ 30% 2011-2019 թուականներուն եւ 36% 2020-2023 թուականներուն:
Հիմնուելով այս տուեալներուն եւ միտումներուն վրայ մինչեւ 2023 թուականը՝ հետազօտողները կը գնահատեն, որ կարճատեսութեան համաշխարհային տարածուածութիւնը մինչեւ 2050 թուական կը հասնի մօտաւորապէս 40%-ի՝ գերազանցելով 740 միլիոն պարագան՝ 2030 թուականի 600 միլիոնի դիմաց: