Սէուտի Արաբիոյ Ֆեյսալ թագաւորի համալսարանի գիտնականները բացայայտած են, որ կարմիր խաղողը կը պաշտպանէ շաքարախտէն, սրտի հիւանդութիւններէն եւ վաղաժամ ծերացումէն։ Այս խաղողը նաեւ հակաուռուցքային եւ հակաբորբոքային ազդեցութիւն ունի՝ շնորհիւ ատոր մէջ գտնուող «փոլիֆենոլ»ներուն։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Nutrients» ամսագրին մէջ։
«Փոլիֆենոլ»ները միացութիւններ են, որոնք կը գունաւորեն ծաղիկներու եւ բոյսերու պտուղները։ «Փոլիֆենոլ»ները զանազան կենսաբանական յատկութիւններ ունին, ինչպէս՝ հակաբորբոքային, «հակապաքթիրիըլ», հակասնկային եւ հակաժահրային յատկութիւններ։ Իրենց հետազօտութեան մէջ գիտնականները կեդրոնացած են «ռեսվերաթրոլ»ի՝ այն միացութեան վրայ, որ կը յառաջանայ որպէս պաշտպանական «մեքանիզմ»՝ բարձրացնելով բոյսերու կայունութիւնը տարբեր «սթրեսային» իրավիճակներու հանդէպ։
Քլինիքային հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ օրական 250 կրամ «ռեսվերաթրոլ»ը երեք ամսուան ընթացքին կը նուազեցնէ երկրորդ տեսակի շաքարախտ ունեցող հիւանդներու «կլիքէյթըտ հիմոկլոպին»ի մակարդակը եւ «սիսթոլիք» արեան ճնշումը։
Այդ միացութիւնը կրնայ նուազեցնել սրտամկանի «հայբըրթրոֆի»ն (սրտի պատի հաստացումը, որ կը յառաջանայ սրտի քրոնիք ծանրաբեռնուածութեան պայմաններուն մէջ) եւ կը բարելաւէ արեան շրջանառութիւնը։
«Փոլիֆենոլ»ները նաեւ հակաօքսիտանդ ազդեցութիւն կ՛ունենան։ Անոնք կը կանխեն թթուեցնող գործընթացները օրկանիզմին մէջ՝ բջիջներուն եւ հիւսուածքներուն արտօնելով աւելի երկար պահպանել կենսունակութիւնը։ Այդ «իֆեքթ»ը կապուած է վաղաժամ ծերացումէն պաշտպանուլեու հետ։
Հետազօտութեան հեղինակները նշած են, որ իրենց աշխատանքը կրնայ նպաստել «ռեսվերաթրոլ»ով (որպէս ազդող նիւթ) նոր դեղերու ստեղծման։ Այդ դեղերը արդիւնաւէտ կրնան ըլլալ ճարպակալման, շաքարախտի եւ «հայփըրթէնշըն»ի դէմ պայքարի պարագաներուն։