Կարմրուկ
Կարմրուկը զօրաւոր վարակիչ հիւանդութիւն է, որ կը բնորոշուի բարձր ջերմաստիճանով (մինչեւ 40,5°C), բերանի խոռոչի լորձաթաղանթի եւ վերին շնչուղիներու բորբոքումով, աչքի սպիտակուցաթաղանթի եւ կոպի ներքին մակերեւոյթի բորբոքումով ու մորթի բծաւոր բշտիկներով։ Այս բոլոր ախտանշաններուն կը միանան օրկանիզմի ընդհանուր թունաւորում։
Փոխանցման ճամբաները
Կարմրուկը հիւանդ մարդէն առողջ մարդուն կը փոխանցուի օդակաթիլային ճամբով. երբ վարակուած անձը կը փռնքտայ կամ կը հազայ, յարուցիչները անոր օրկանիզմէն կ՛անցնին արտաքին միջավայր։ Եթէ զինք շրջապատող մարդիկ կարմրուկի դէմ դիմադրողականութիւն չունին, ուրեմն հիւանդանալու հաւանականութիւնը 100 առ հարիւր կ՛ըլլայ։ Եթէ մարդ կարմրուկի դէմ պատուաստուած է կամ արդէն իսկ հիւանդացած է, ապա հիւանդ մարդուն հետ շփումէն վարակուիլը նուազ հաւանական է։
Կարմրուկով հիւանդը վտանգաւոր է շրջապատին համար սկսելով «ինքիւպէյշըն» շրջանի վերջին օրերէն մինչեւ մորթին վրայ բշտիկ յայտնուելու չորրորդ օրը։ 5-րդ օրուընէ ան արդէն վտանգաւոր չի նկատուիր։
Ախտանշանները
«Ինքիւպէյշըն» շրջանը սովորաբար կ՛երկարի 8-14 օր, որմէ ետք կը սկսի հիւանդութեան բուռն զարգացումը՝ ջերմաստիճանը կը բարձրանայ մինչեւ 38-40°C, կը սկսի չոր հազ, հարբուխ, փռնքտոց, գլխացաւ, կոպերը կ՛ուռին, աչքերը կը կարմրին, կոշտ եւ փափուկ քիմքի վրայ կարմիր բիծեր կը յայտնուին։
Հիւանդութեան երկրորդ օրը այտի լորձաթաղանթին վրայ կը յայտնուին փոքրիկ սպիտակ բիծեր՝ շրջապատուած նեղ կարմիր երիզով՝ այսպէս կոչուած «Պելսքի-Ֆիլաթովա-Քոփլիք»ի բիծը, իսկ կարմրուկի բշտիկները (էքզանտեմա) կը յայտնուին հիւանդութեան 4-5րդ օրը՝ սկիզբը դէմքին, ապա վիզին, ականջներուն ետեւը, իսկ յաջորդ օրը՝ իրանին ու վերջոյթներուն վրայ։
Բուժումը
Կարմրուկի բուժման համար յատուկ դեղեր տակաւին չկան, այդ իսկ պատճառով մասնագէտները կը դիմեն ախտանշային բուժման, որ կը ներառէ հակաբորբոքիչ միջոցներ շնչուղիներու վիճակի բարելաւման համար, խուխը հանող միջոցներ, տաքութիւնը իջեցնող դեղեր եւ այլն։
Բարդութիւնները
Անգրագէտ բուժման պարագային կարմրուկը կրնայ բարդացումներու յանգեցնել, որոնք կապուած են կեդրոնական նեարդային համակարգի աշխատանքի, շնչառական համակարգի, ինչպէս նաեւ՝ աղեստամոքսային «թրաքթ»ի հետ։
Վերջին հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ կարմրուկը այլ վտանգներ ալ կ՛ենդգրկէ: Եթէ մարդ (բնական ճամբով) կը վարակուի կարմրուկի յարուցիչով, հիւանդութիւնը ամբողջութեամբ կ՛ոչնչացնէ անոր այսպէս կոչուած «իմիւնոլոճիքըլ» յիշողութիւնը, այսինքն օրկանիզմի մը` դիմադրողականութիւն մշակելու կարողութիւնը: Այլ խօսքով` նոր գրգռիչի մը հանդիպելով` օրկանիզմը չի կրնար անոր նկատմամբ դիմադրողականութիւն ձեւաւորել: Կարմրուկ ունեցած/եղած հիւանդէն 2 տարի կը պահանջուի, որպէսզի օրկանիզմը կարենայ վերականգնել «իմիւնոլոճիքըլ» յիշողութիւնը եւ դարձեալ դիմադրողականութիւն ձեւաւորել հանդիպող «մայքրոօրկանիզմ»ներու նկատմամբ: Իսկ մինչ այդ օրկանիզմը խոցելի կ՛ըլլայ բոլոր իրեն անյայտ վարակներու նկատմամբ:
Կանխարգիլումը
Կարմրուկի կանխարգիլման ամէնէն արդիւնաւէտ միջոցը այսօր կը մնայ պատուաստումը։ Անիկա շատ արդիւնաւէտ կը նկատուի․ մէկ չափաբաժինէն փոքրիկներու շուրջ 85 առ հարիւրը դիմադրողականութիւն ձեռք կը բերէ կարմրուկի դէմ, եւ միայն մօտաւորապէս 15 առ հարիւրն է, որ դիմադրողականութիւն ձեռք չի ձգեր։ Համընդհանուր պատուաստումը կ՛ապահովէ կարմրուկի համաճարակներու կանխարգիլումը, սակայն եթէ պատուաստումներու ծաւալը կը սկսի նուազիլ, կը բարձրանայ վարակի տարածման վտանգը ժողովուրդին մէջ։
Կարմրուկ եւ Covid 19
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներուն համաձայն, COVID-19 համավարակի սկիզբէն ի վեր կարմրուկի դէմ պատուաստումները հաստատօրէն նուազած են: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման կեդրոններու (CDC) միատեղ հրապարակման մէջ կը տեղեկացուի, որ 2021 թուականին մեծ թիւով՝ մօտաւորապէս 40 միլիոն մանուկ, չէ ստացած կարմրուկի դէմ իր պատուաստը։ 25 միլիոն մանուկ չէ կատարած իր առաջին պատուաստը, իսկ 14,7 միլիոն մանուկ՝ երկրորդ պատուաստը: Այս անկումը զգալի յետընթաց է կարմրուկի վերացման հասնելու եւ այդ արդիւնքները պահպանելու ուղղութեամբ համաշխարհային յառաջընթացի մէջ, եւ կը նշանակէ, որ միլիոնաւոր մանուկներ վարակի նկատմամբ խոցելի կը մնան:
Գնահատականներու համաձայն՝ 2021 թուականին աշխարհի մէջ կարմրուկի մօտաւորապէս 9 միլիոն պարագայ արձանագրուած է, որմէ 128 000 մահ եղած է։ 22 երկիրներու մէջ մեծ ու աւերիչ բռնկումներ արձանագրուած են։ Պատուաստումներու ընդգրկուածութեան մակարդակի նուազումը, կարմրուկի դէմ համաճարակաբանական հսկողութեան տկարացումը եւ COVID-19-ի պատճառով «իմիւնիզէյշըն»ի շարունակական ընդհատումներն ու ուշացումները, ինչպէս նաեւ 2022 թուականին տեղի ունեցած լայնածաւալ բռնկումները կը նշանակեն, որ կարմրուկը անմիջական սպառնալիք է աշխարհի բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ:
Վերջաբան
Կարմրուկը բաւական վտանգաւոր վարակիչ հիւանդութիւն է, որ կրնայ լուրջ բարդութիւններ յառաջացնել եւ նոյնիսկ մահացու ելքեր ունենալ։ Հիւանդներու մեծամասնութիւնը եւ կարմրուկի զոհերու մեծ մասը մինչեւ 5 տարեկան փոքրիկներ են։
Մինչեւ երեք տարեկան փոքրիկները հազուադէպ կը հիւանդանան կարմրուկով, եթէ անոնք կը կերակրուին մօր կաթով եւ եթէ մայրը այս հիւանդութեան նկատմամբ դիմադրողականութիւն ունի: Սակայն եթէ փոքրիկները կը հիւանդանան, անոնց մօտ հիւանդութիւնը շատ աւելի զօրաւոր կ՛արտայայտուի, որովհետեւ կարմրուկը շատ յաճախ կրնայ ուղեկցուիլ բարդութիւններով՝ թոքերու բորբոքումով, ինչպէս նաեւ՝ ուղեղի հիւսուածքներու բորբոքումով: