«Քորոնա» ժահրի նոր, առաւել «ակրեսիւ» տարբերակներու աղբիւր կրնայ դառնալ անասունը՝ կը յայտնէ փրոֆեսոր, կենսաբանական գիտութիւններու տոքթոր Ալեքսէյ Ակրանովսքին:
«Եթէ տեղ մը պէտք է սպասել ժահրի «ակրեսիւ» տարբերակներուն, ապա, այդ մէկը ամենայն հաւանականութեամբ, անասուններու «ռեզերվուար»-ները պիտի ըլլան…Մարդկային բնակչութեան մէջ այդ մէկը տեղի չունենար»,- ըսած է մասնագէտը:
Մասնագէտին խօսքով՝ «ակրեսիւ» «միւթէյշըն»-ներու (օրկանիզմի ժառանգական յատկանիշներու յանկարծակի եւ կտրուկ փոփոխութիւն) յայտնուելուն համար, ժահրի շատ կրողներ պէտք են: SARS-CoV-2-ի պարագային, բաւարար չէ մարդոց ծիրին մէջ վարակուածներու թիւը, որպէսզի ժահրը կարենայ զարգանալ աւելի վտանգաւոր ձեւով: Այդ զարգացման նաեւ կրնայ նպաստել պատուաստը:
Ակրանովսքիին խօսքով՝ մարդոց համար ոչ փափաքելի «միւթէյշըն»-ներ, հաւանաբար, կարելի են, սակայն իրականութեան մէջ աւելի նուազ հաւանական են SARS-CoV-2-ի փոփոխութեան ցած արագութեան պատճառով: