Սթենֆըրտի համալսարանի բժշկական դպրոցի «ճենեթիսիսթ»ները բացայայտած են կենսաբանական ծերացման չորս տեսակ (օրինաչափութիւններ)՝ «մեթապոլիք», դիմադրողական, լեարդային եւ «նեֆրոթիք», յայտնած է Daily Mail-ը։
Գիտնականները նշած են, որ մարդու մարմնի ոչ բոլոր մասերը եւ օրկանները նոյն արագութեամբ կը ծերանան։ Հետազօտողները յայտնաբերած են ծերացման չորս տեսակ՝ կախեալ այն բանէն, թէ օրկանիզմին ո՞ր բաժինները կը սկսին վատ աշխատիլ՝ դիմադրողական համակարգ, նիւթափոխանակութիւն, լեարդ, երիկամներու գործունէութիւն:
Ծերացման «իմիւնային» տեսակը կը բնութագրուի մարմնին մէջ բորբոքային «մարքըր»ներու բարձրացումով, որոնք կը վկայեն դիմադրողական համակարգի՝ վնասակար «փաթոճեն»ներու եւ թունաւոր միացութիւններու դէմ պայքարելու փորձերը: Ծերացման այս տեսակը ունեցող մարդիկ «օթօիմիւն» հիւանդութիւններու զարգացման մէջ աւելի մեծ վտանգի տակ կ՛ըլլան:
Ծերացման նիւթափոխանակութեան տիպի հետ կը բարձրանայ շաքարախտի, գիրութեան եւ սրտի անբաւարարութեան զարգացման հաւանականութիւնը։ Լեարդի տիպը ցոյց կու տայ լեարդի աշխատանքի խանգարումներ եւ օրկանի վատթարացում. կը մեծնայ «սիռոսիզ»ի եւ լեարդի ոչ ալքոլային ճարպային հիւանդութեան վտանգը: «Նեֆրոթիք» տիպը կը բնութագրուի երիկամներու գործունէութեան խանգարումով: Վերոնշեալ ծերացման օրինաչափութիւնը ունեցող մարդոց մօտ կրնայ զարգանալ երիկամային անբաւարարութիւն եւ «փայլոնեֆրիթիս»:
Հետազօտողները կը կարծեն, որ ծերացման տեսակի ըմբռնումը կը բարձրացնէ մարդոց տեղեկացուածութիւնը՝ տարբեր հիւանդութիւններու վտանգներու մասին եւ կ՛օգնէ կանխարգիլելու զանոնք: Օրինակ, լեարդի օրինաչափութիւն ունեցողները կրնան իրենց սննդականոնէն հեռացնել ալքոլը, իսկ նիւթափոխանակութեան օրինաչափութիւն ունեցողները՝ շատ աւելի շարժիլ եւ մարզանք ընել: