Ամերիկացի գիտնականներ փորձի համար պատրաստուած դեղի մը օգնութեամբ վերականգնած են ծերացող կենդանիներու ոսկորները՝ ամբողջովին կանխելով ակռաներու կորուստը։ Լենքընաուի բժշկական հետազօտութիւններու հիմնարկի աշխատութիւնը հրապարակուած է Frontiers in Dental Medicine ամսագրին մէջ։
Տարիքի ընթացքին ոսկրային զանգուածի կորուստը կը յառաջացնէ լինտերու եւ ծնօտի ոսկորներու «տիճենըրէյշ», ինչ որ կը յանգեցնէ տարեց մարդոց ակռաներու կորուստին։
Գիտնականները 1,4-DPCA (փորձի համար պատրաստուած) դեղի արդիւնքը ստուգած են առնէտներու վրայ։ Այդ դեղը կը «վնասազերծէ» այն «մոլեքիւլ»ը, որ կը խանգարէ HIF-1a նիւթի՝ վնասուածքներու պարագային «տիճենըրէյշ»ի կարեւոր բաղադրիչի յառաջացման։ HIF-1a-ի մակարդակի բարձրացումը ժամանակաւորապէս կը փոխէ հիւսուածքները մինչեւ պտուղի զարգացման կանուխ փուլերու վիճակը, երբ կարելի է առանց սպիներու վնասուածքներու կատարեալ ապաքինում։ Դեղը ստացած մուկերը կրցած են վերականգնել լինտերու հիւսուածքը եւ ծնօտի ոսկրային հիւսուածքը, ինչ որ ամբողջովին կանխած է ակռաներու կորուստը։
«Կորսուած ոսկորի եւ հիւսուածքի զգալի քանակի վերականգնումը ամբողջական էր։ Ես լաւատեսութեամբ կը նայիմ այն բանին, որ այս դեղը պէտք է զարգանայ եւ ի վերջոյ օգտագործուի «փերիոտոնթայտիս»ով տառապող հիւանդներու ակռաներու կորուստը կանխելու համար»,- ըսած է հետազօտութեան յառաջատար մասնագէտ Էլեն Կեպեր-Կաց։