Շարլոթա Պրոտ, անգլիական Ուինչեսթեր քաղաքէն, մանուկ հասակէն միայն «չիփս»-եր, հաւու «նակեթս»-ներ եւ «քրեքըր»-ներ կերած է։ 32 տարեկանին ան մահացած է՝ ճիշդ ձեւով չի սնուելու պատճառով։
Շարլոթան կը տառապէր ընտրովի սնուելու խանգարումով. ան երբեք բանջարեղէն չէ կերած եւ սնուած է միայն պանիրով եւ սոխով «չիփս»-երով ու հաւու նակեթսներով։ Մայրը փորձած է ստիպել անոր, որ բանջարեղէններ ուտէ եւ զանոնք պահած է միւս ուտելիքներու մէջ, բայց այդ մէկը չէ օգնած, որ Շարլոթան փոխէ իր սննդային հակումները։ Այս մասին տեղեկացուցած է Daily Mail պարբերականը:
Տարիքի հետ, Շարլոթային հակումները փոփոխութեան չեն ենթարկուած, եւ ան շարունակած է սնուիլ նոյն ձեւով։ Ան լոյս աշխարհ բերած է երկու զաւակ, եւ երկու յղութիւններու ժամանակ ալ, միայն պանիրով «չիփս»-եր կերած է եւ խմած՝ կազաւորուած խմելիքներ։ 2011 թուականին, կինը դիմած է բժշկական օգնութեան, բայց բժիշկները չեն կրցած օգնել անոր փոխելու իր սննդակարգը։ Շարլոթան հրաժարած էր ուտելէ եւ խմելէ, անոր սիրտը միշտ կը խառնուէր, որու պատճառով անոր կոկորդը սեւցած էր։
Աղջիկներուն Շարլոթան բնական ձեւով կը կերակրէր, բայց ինք կը շարունակէր «չիփս» եւ «քրեքըր» ուտել եւ խմել կազաւորուած խմելիք։ 2019-ին, բժիշկները անոր ըսած են, որ կը մեռնի, եթէ շարունակէ այդպէս սնուիլ, բայց ան չէ փոխած իր սննդային սովորութիւնները։
3 Յունուար 2019-ին, անոր փոխադրած են հիւանդանոց, այն բանէն ետք, երբ 6 շաբաթ գամուած մնացած էր անկողինին մէջ։ Յունուար 18-ին, ան մահացած է հիւանդանոցին մէջ։
Պրոտի մահուան հետաքննութեան ժամանակ, անոր եղբայրը ըսած է, որ պէտք էր Շարլոթային հոգեբուժի մօտ տանէին։
Շրջանի քորոներ Սամանթա Մարշ տեղեկացուցած է, որ սննդային վարքի խանգարումները բարդ են, քանի որ դժուար է ստիպել մարդուն սնուիլ ինչպէս պէտք է։ Ան անձնասպանութեան եզրակացութիւն չէ տուած, որովհետեւ Պրոտ ինքն իրեն սպաննելու ուղղակի մտադրութիւն չէ ունեցած։ Անոր տուած եզրակացութեան մէջ կ՛ըսուի, որ կինը «մահացած է ճիշդ ձեւով չի սնուելու պատճառով, որ յառաջ եկած է բաւականաչափ սնունդ եւ խմելիքներ առնելէ հրաժարուելէն, ինչ որ հանգեցուցած է ներքին օրկաններու բազմաթիւ ախտահարումներու»։
Նման դէպք տեղի ունեցած է նաեւ Չինաստանի մէջ. Հուայան անունով 24-ամեայ աղջիկը մահացած է բաւարար սնունդ չառնելու պատճառով։ Ան կերած է միայն մարինացուած կծու պղպեղ: Իր կեանքի վերջաւորութեան, ան ընդամէնը 22 քիլոկրամ եղած է։