Տարիներ շարունակ գիտնականներ ուսումնասիրած են, թէ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքները ինչպէ՞ս կրնան ազդել առողջութեան վրայ:
Նախորդ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ կլիմայական ազդեցութիւնները, օրինակ՝ ծայրայեղ տաքը, կրնան բարձրացնել երիկամներու հիւանդութեան եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու հետեւանքով գոյացած մահուան վտանգը եւ նոյնիսկ ազդել հոգեկան առողջութեան վրայ:
Սան Ֆրանսիսքոյի, Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCSF) գիտնականները բացայայտած են, որ կլիմայի փոփոխութեան հետեւանքով յառաջացած վտանգները կրնան նաեւ բացասաբար ազդել մորթի «քրոնիք» հիւանդութեան՝ «աթոփիք տերմաթայթիս»ի վրայ, որ նաեւ յայտնի է որպէս «էկզեմա»:
Անոնց ուսումնասիրութիւնը հրապարակուած է «Allergy» ամսագրին մէջ:
Այս ուսումնասիրութեան ընթացքին հետազօտողները կեդրոնացած են, թէ ինչպէ՞ս ջերմոցային կազերու արձակման հետ կապուած կլիմայական 10 վտանգները կ՛ազդեն «աթոփիք տերմաթայթիս»ի վրայ։
Կլիմայական այդ վտանգները կը ներառէին համաշխարհային տաքացումը, ոչ բնական տաքը, անտառային հրդեհները, չորութիւնը, ջրհեղեղները եւ ծովու մակարդակի բարձրացումը:
Այս հետազօտութեան համար գիտնականները վերլուծած են 18 ուսումնասիրութիւններու տուեալներ, որոնք կը վկայեն «էկզեմա»ի խորացման մասին՝ կապուած այս 10 կլիմայական վտանգներէն մէկուն հետ:
Գիտնականները եզրակացուցած են, որ կան փաստեր, որ կլիմայական վտանգներու մեծ մասը «աթոփիք տերմաթայթիս»ի սաստկացում կը յառաջացնէ:
Բացայայտուած է, որ ատոնցմէ քանի մը հատը ուղղակի հետեւանքներ են, օրինակ՝ անտառային հրդեհներէն յառաջացած պինդ մասնիկները: Միւսները կողմնակի հետեւանքներ եղած են, ինչպէս՝ չորութեան պատճառով յառաջացող սնունդի պակասը, աղքատութիւնը եւ ատոր յաջորդող գաղթը, որոնք կը խախտեն կանոնաւոր բժշկական սպասարկումը եւ «սթրես» կը յառաջացնեն, որ կրնայ ազդել մարդու «էկզեմա»ին վրայ:
Գիտնականները նաեւ ստեղծած են քարտէսներ, որոնք ցոյց կու տան «էկզեմա»ի կանխատեսուող բեռը անցեալին, ներկայիս եւ ապագային՝ կախեալ կլիմայական վտանգներէն: Ստեղծուած են քարտէսներ, որոնք ցոյց կու տան 2005 եւ 2017 թուականներուն կլիմայական վտանգներու հաւաքական ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ 2053 թուականի կանխատեսումները:
Մաշկաբանները հետեւեալ յանձնարարութիւնները կը կատարեն այն մարդոց, որոնք կը փափաքին պաշտպանել իրենց մորթը անբարենպաստ կլիմայական պայմաններէն.
- Ամէն տարի այցելեցէք ձեր մաշկաբանին՝ մորթի հետազօտութեան համար:
- Միշտ օգտագործեցէք արեւապաշտպան քսելիք եւ պաշտպանիչ հագուստ, նոյնիսկ ձմրան:
- Փողոց ելլելէն առաջ ստուգեցէք օդի որակը:
- Օգտագործեցէք խոնաւ դարձնող քսելիքներ, որպէսզի պաշտպանէք ձեր մորթը օդին մէջ տարածուած աղտոտող նիւթերէն, որոնք կրնան վնասել մորթի պատնէշը:
- Պահպանեցէք խոնաւութեան մակարդակը:
- Լաւ սնունդ ստացէք, բաւականաչափ քնացէք եւ զբաղեցէք «սփոր»ով:
- Լուացուեցէք «թեթեւ» լուացուելիք միջոցներով։
- Ուշադիր եղէք մորթի խնամքի որոշ միջոցներու բաղադրիչներուն, որոնք նոյնպէս կրնան անտեղի սաստկացումներ յառաջացնել:
- Ստուգեցէք «Էկզեմա»ի ազգային միութեան՝ «էկզեմա»ի տուեալներու «տաթան»: