«The New England Journal of Medicine» բժշկական ամսագիրը հրապարակած է դէպք մը, ուր նկարագրուած է, որ Աւստրալիոյ Մելպուռն քաղաքէն 51 տարեկան կնոջ մը դէմքը ծածկուած է մազով:
Հիւանդը մաշկաբանին դիմած է, երբ անոր դէմքը, վիզը եւ մարմինի վերին մասը ծածկուած են բարակ մազով, որ կը կոչուի «լանուկօ»: Անոր նաեւ անհանգստացուցած են յոգնածութիւնը, հազը եւ կշիռքի կորուստը:
Բժիշկները հիւանդին աջ թոքին մէջ յայտնաբերած են 12 միլիմեթր «ատենոքարսինոմա» (չարորակ ուռուցք), որ կրնայ յայտնուիլ ծխելու հետեւանքով: Ի յայտ եկած է, որ կինը 37 տարի ծխած է:
Հիւանդը ստացած է «քիմոթերափի» եւ ճառագայթային «թերափի», այնուհետեւ դեղերու բուժում, որ նախատեսուած են թոքերու քաղցկեղի դէմ պայքարելու համար: Բուժումը սկսելէն 2 ամիս ետք, մազերու աճը դանդաղած է, կշիռքի կորուստի խնդիրը լուծուած է եւ հազը վերացած: