Կիներու օրկանիզմին մէջ մէկ օրկան աւելի քան երկու անգամ աւելի արագ կը ծերանայ, քան միւս բոլոր հիւսուածքները՝ վնաս հասցնելով ինչպէս պտղաբերութեան, այնպէս ալ առողջութեան երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ:
«Երբ կին մը 20 կամ 30 տարեկան է, անոր հիւսուածքները կը գործեն իրենց արտադրողականութեան առաւելագոյն չափով, բայց ձուարանները արդէն ծերացման յստակ նշաններ ցոյց կու տան»,- նշած է Քալիֆորնիոյ Պակի անուան ծերացման հետազօտութիւններու հիմնարկի փրոֆ. Ճենիֆըր Կարիսըն։
Ինչպէս Կարիսըն յայտնած է CNN-ին, երբ ձուարանները դաշտանադադարի պատճառով կը դադրին աշխատելէ, ատոնք կը դադրին հորմոններու «քոքթէյլ»ը արտադրելէն, որ կարեւոր են ընդհանուր առողջութեան համար:
Նոյնիսկ առողջ կիներու մօտ այդ մէկը կտրուկ կը բարձրացնէ կաթուածի, սրտի հիւանդութիւններու, ճանաչողական անկումի, անքնութեան, օսթէոփորոսիզի, կշիռքի յաւելումի եւ արթրիտի վտանգը:
Դաշտանադադարի տարիքը նոյնպէս կապուած է կեանքի տեւողութեան հետ: Ըստ Հիւսիսային Ամերիկայի դաշտանադադարի միութեան տուեալներուն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ բնական դաշտանադադարի միջին տարիքը 51 է։
«Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ կիներ, որոնց մօտ դաշտանադադարը աւելի ուշ տեղի ունեցած է, աւելի երկար կ՛ապրին եւ իրենց DNA-ը վերականգնելու աւելի մեծ կարողութիւն ունին,- ըսած է ան:- Սակայն այն կիներու պարագային, որոնք բնական դաշտանադադար կ՛ունենան մինչեւ 40 տարեկան, շուտ մահանալու հաւանականութիւնը երկու անգամ աւելի բարձր է, քան այն կիներու պարագային, որոնք 50-էն 54 տարեկանին կ՛անցնին բնական դաշտանադադարի մէջէն»:
Տարիքի հետ ձուաբջիջներու ծերացումը կ՛արագանայ։ 2010-ի Յունուարի «անալիզ»ին մէջ մարդոց 95 առ հարիւրին մօտ 30 տարեկանին հասանելի կ՛ըլլայ ձուաբջիջներու միայն 12 առ հարիւրը, իսկ մինչեւ 40 տարեկան՝ միայն 3 առ հարիւրը:
Գիտութեան տակաւին յայտնի չէ, թէ ինչո՞ւ ձուարաններու արագ ծերացում կը յառաջանայ։
Քանի որ գիտութիւնը շատ քիչ բան գիտէ կիներու վերարտադրողական «սայքըլ»ին մասին, հետազօտութիւնները պէտք է սկիզբէն սկսիլ, նշած է Կարիսըն:
«Ինչո՞ւ կնոջ վերարտադրողական շրջանի տեւողութիւնը փոխկապակցուած է անոր կեանքի ընդհանուր տեւողութեան հետ… Այստեղ յստակ «ճենեթիք» բաղադրիչ կայ, որ շատ կարեւոր է, եւ մենք այդ մէկը ընդհանրապէս չենք հասկնար»,- եզրափակած է մասնագէտը։