Ի՞նչ է կուրծքով կերակրելը
Երբ ձեր փոքրիկը կը կերակրէք կուրծքի կաթով, այդ կը կոչուի կուրծքով կերակրել, որ անմիջականօրէն կ՛ըլլայ կուրծքէն: Կուրծքով կերակրելը նաեւ կը կոչուի <նըրսինկ> կամ <չեսթֆիտինկ>: Կուրծքով կերակրելու որոշումը անձնական է․ կարելի է նաեւ կարծիքներ առնել ընտանիքի անդամներէն եւ բարեկամներէն:
Բազմաթիւ բժշկական մասնագէտներ, ներառեալ Ամերիկեան մանկաբուժութեան ակադեմիան (AAP) եւ Մանկաբարձներու ու կայնեքոլոճիսթներու ամերիկեան գոլէճը, խստօրէն կը թելադրեն կուրծքով կերակրելը բացառաբար առաջին վեց ամսուան ընթացքին (առանց ֆորմիւլայի, հիւթի կամ ջուրի): Այլ ուտելիքներու ներմուծումէն ետք, կը թելադրուի շարունակել կուրծքով կերակրելը մանուկի մը կեանքին առաջին տարուան ընթացքին:
Որքան յաճախականութեամբ պէտք է կուրծքով կերակրէք կախեալ է այն բանէն, թէ արդեօք ձեր մանուկը կը նախընտրէ կարճ, յաճախակի՞ կամ երկա՞ր կերակրուիլ: Այս մէկը փոփոխութիւն կը կրէ, երբ ձեր փոքրիկը կը սկսի մեծնալ: Նորածինները յաճախ կ՛ուզեն կերակրուիլ 2-3 ժամը անգամ մը: Երկորդ ամսուան ընթացքին, 3-4 ժամը անգամ մը կերակրուիլը սովորական է, իսկ 6 ամսականին մանուկներու մեծ մասը կը կերակրուին -5 ժամը անգամ մը:
Դուք եւ ձեր զաւակը եզակի էք եւ կուրծքով կերակրելու որոշումը ձերն է:
Կուրծքով կերակրելու օգտակարութիւնները
Կուրծքով կերակրելու օգտակարութիւնները փոքրիկին համար
Կուրծքի կաթը իտէալ սնունդը կը հայթայթէ նորածիններու համար: Անիկա կը պարունակէ վիթամիններու, սպիտակուցներու եւ ճարպերու գրեթէ կատարեալ խառնուրդ, այսինքն՝ այն ինչ, որ ձեր փոքրիկը կը պահանջէ մեծնալու համար: Եւ այդ բոլորը կը տրամադրուի այնպիսի ձեւով, որ աւելի դիւրին կը մարսուի, քան մանկական կաթնախառնուրդը: Կուրծքի կաթը կ՛ընդգրկէ հակամարմիններ, որոնք կ՛օգնեն փոքրիկին պայքարելու ժահրերու եւ մանրէներու դէմ: Կուրծքով կերակրելը կը նուազեցնէ փոքրիկին <ասթմա> կամ <ալերժի> զարգացնելու վտանգը: Առաւել, այն փոքրիկները, որոնք բացառապէս կուրծքով կերակրուած են առաջին վեց ամսուան ընթացքին, առանց որեւէ կաթնախառնուրդի, կ՛ունենան աւելի նուազ ականջի բորբոքումներ, շնչառական հիւանդութիւններ եւ փորհարութեան տագնապներ: Անոնք նաեւ աւելի նուազ հիւանդանոցային բուժումներու կ՛ենթարկուին եւ քիչ այցելութիւններ կու տան բժիշկին:
Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ կուրծքով կերակրելը կապուած է բարձր IQի միաւորներու հետ՝ մանկութեան աւելի ուշ շրջանին: Աւելի հաւանական է, որ կուրծքով կերակրուած փոքրիկներ մարմնի ճիշդ կշիռքը ունենան, քան՝ աւելորդ կշիռք հաւաքեն մեծնալու ժամանակ: AAPն կ՛ըսէ, թէ կուրծքով կերակրելը կրնայ նաեւ դեր ունենալ մանկական յանկարծակի մահուան համախտանիշի կանխարգիլման մէջ: Կ՛ենթադրուի, որ կուրծքով կերակրուիլը կը նուազեցնէ շաքարախտի, գիրութեան եւ քաղցկեղի որոշ տեսակներու զարգացման վտանգը, սակայն յաւելեալ հետազօտութիւն պէտք է:
Կուրծքով կերակրելու օգուտները ձեզի համար
Ֆիզիքական մօտիկութիւնը, մորթի հպումը եւ աչքերով իրարու նայելու կապը կ՛օգնեն փոքրիկին կապուելու մօր հետ եւ ապահով զգալու: Կուրծքով կերակրելը կ՛այրէ աւելորդ <քալորի>ները եւ ուրեմն կ՛օգնէ կորսնցնելու յղութեան շրջանին մօր հաւաքած կշիռքը: Անիկա կ՛արձակէ «օքսիթոսին» հորմոնը, որ կ՛օգնէ արգանդին վերադառնալու իր նախայղութեան չափին եւ կրնայ նուազեցնել արգանդային արիւնահոսութիւնը ծննդաբերութենէն ետք: Շարունակական օգուտներ կան կուրծքով կերակրելու պարագային 1տարեկանէն անդին եւ մինչեւ 2 տարեկան, յատկապէս ծնողին համար: Կուրծքով կերակրելը նաեւ կը նուազեցնէ կուրծքի եւ <օվըրի>ներու քաղցեղ զարգացնելու վտանգը, ինչպէս նաեւ՝ <օսթէօփորոսիզ>ի:
Ուրեմն պէտք չկայ կաթնախառնուրդ գնելու ու չափելու, ինչպէս նաեւ՝ մանրէազերծելու կամ տաքցնելու շիշերը. այդ կը խնայէ ժամանակ եւ գումար. նաեւ կը ստեղծէ բաւարար ժամանակ հանգստանալու եւ կապուելու նորածինին հետ:
Փոքրիկը անօթի ըլլալու նշանները
Ամենէն սովորական ձեւերէն մէկը լալն է, որ կը տեղեկացնէ փոքրիկին անօթի ըլլալը : Այլ նշաններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ փոքրիկը պատրաստ է կերակրուելու, կը ներառեն.
- Շրթունքները լզելը կամ լեզուն դուրս հանելը
- Արմատաւորում, որ կը շարժէ ծնօտը, բերանը կամ գլուխը՝ ձեր կուրծքը որոնելու համար
- Ձեռքը բերան տանիլը
- Բերանը բանալը
- Այս կողմ կամ այն կողմ դառնալը
- Իրեր ծծելը
Ինչպէ՞ս սկսիլ կուրծքով կերակրելը
Դուք կրնաք սկսիլ կերակրել ձեր փոքրիկին ծնելէն ետք մէկ ժամուան ընթացքին: Ձեր ձեռքով բռնեցէք ձեր կուրծքը եւ ձեր փոքրիկին գլուխը թեթեւօրէն ետ թեքելով եւ լայն բանալով բերանը սեղմեցէք ձեր պտուկը եւ առաջնորդեցէք ձեր փոքրիկը դէպի ձեր կուրծքը։
Եթէ ձեր փոքրիկը ճիշդ ձեւով ուղղուած է դէպի ձեր կուրծքը, դուք կը զգաք քաշքշուք, երբ ան սկսի կերակրուիլ:
Ի՞նչ պէտք է հաշուի առնել կուրծքով կերակրելէն առաջ
Կրնայ ժամանակ պահանջուիլ նորածինին հետ կերակրման սահմանուած կարգ հաստատելու համար: Որոշ ծնողներ կը պայքարին լաւ կապ (նորածինի բերնի եւ մօր կուրծքի հետ) ձեռք ձգելու համար: Այդ որակը կրնայ ազդել այնպիսի բաներու վրայ, ինչպէս՝ ցաւի մակարդակի, կաթի մատակարարման, ինչպէս նաեւ՝ կուրծքով կերակրելու տեւողութեան:
Կուրծքով կերակրելու լաւ կարգ հաստատելը կրնայ ջանք եւ ճշգրտութիւն պահանջել․ նորածինին եւ մօր կապի որակը կարեւոր դեր կը խաղայ կուրծքով կերակրումը յաջող ու յարմարաւէտ դարձնելու գործին մէջ:
Պատշաճ կապ չստեղծուիլը կրնայ յանգեցնել անյարմարութեան եւ երբեմն ստիպել նորեկ ծնողներուն, որ դադրեցնեն կուրծքով կերակրելը նախքան անոնց պատրաստ ըլլալը: Նոյնիսկ եթէ նորածինը սկիզբը պատշաճ ձեւով չի կապուիր ձեր կուրծքին հետ, դուք կրնաք լաւ կապ զարգացնել ժամանակի ընթացքին փորձառութիւն ձեռք ձգելով:
Բացի ատկէ, կան որոշ ուտելիքներ, որոնցմէ պէտք է խուսափիլ կուրծքով կերակրելու ժամանակ, որոնք կը ներառեն.
- Ալքոլ. եթէ խմիչք կը խմէք, ապա պէտք է սպասէք, որպէսզի կարենաք կերակրել, մինչեւ ալքոլի մակարդակը մաքրուի ձեր կուրծքի կաթէն: Սովորաբար, այդ կը տեւէ 2-3 ժամ իւրաքանչիւր խմիչքի համար, որ դուք խմած էք: Եթէ կը նախատեսէք քիչ մը խմել, կրնայ լաւ գաղափար ըլլալ նախօրոք կաթ պահելը:
- Քաֆէին. աշխատեցէք չխմել օրական երկու գաւաթէն աւելի քաֆէին պարունակող խմելիքներ՝ կուրծքով կերակրելու ժամանակ: Ձեր կուրծքի կաթին աւելորդ քաֆէինը կրնայ խանգարել ձեր փոքրիկին քունի ժամանակացոյցը:
- Ձուկ. ծովամթերքները, ինչպէս՝ <սորտֆիշ>ը եւ <քինկ մաքըրըլ>ը, կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ սնդիկ, որ կրնայ փոխանցուիլ փոքրիկին ձեր կաթին միջոցով:
Ի՞նչ պէտք է ակնկալել կուրծքով կերակրելու սկսելու ժամանակ
Սկիզբը մօր կուրծքը կը ստեղծէ հաստ, դեղնաւուն <քոլոսթրըմ> կոչուող նիւթը, որ յագեցած կ՛ըլլայ կարեւոր սննդանիւթերով, որոնք սկիզբի օրերուն անհրաժեշտ են փոքրիկին դիմադրողական համակարգին համար: Մօտաւորապէս 3 օր ետք, կաթը կը սկսի դուրս գալ, թէեւ առաջին անգամ ծնող եղողներու համար այդ կրնայ աւելի երկար տեւել:
Դուք կրնաք նկատել, որ ձեր կուրծքերը կը դառնան աւելի ամուր, երբ այդ մէկը տեղի կ՛ունենայ, եւ երբեմն կրնան արտահոսիլ: Եթէ ձեր կուրծքը չափազանց լեցուած է կաթով, դուք կրնաք որոշ անհանգստութիւն զգալ: Ձեր պտուկները կրնան վաղաժամ ցաւիլ կամ ճաքճքիլ:
Մինչ դուք եւ ձեր փոքրիկը կը պարզէք կերակրման ձեր առօրեան, կուրծքով կերակրելը պէտք չէ ցաւոտ ըլլայ: Բայց մի՛ վարանիք դիմելու ձեր մասնագէտին, եթէ դուք կը պայքարիք լաւ կապ ձեռք բերելու ձեր փոքրիկին հետ, եւ կամ եթէ շատ ցաւ ունիք: Ան կրնայ օգնել ձեզի բացայայտելու խնդիրը կամ կապ հաստատելու <լաքթէյշըն>ի խորհրդատուի մը հետ՝ այն անձին հետ, որ կուրծքով կերակրման կրթութեան մասնագէտ է: