Երկրագունդի հիւսիսային տարածաշրջաններուն մէջ կը տարածուի Naegleria fowleri վտանգաւոր ախտածինը, որ յայտնի է որպէս «ուղեղը փճացնող միաբջիջ»: Անցեալին, այս ախտածինը կը բնակէր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հարաւային նահանգներու տաք քաղցրահամ ջրամբարներուն մէջ: Բայց վերջին շրջանին, իրավիճակը սկսած է փոխուիլ համաշխարհային ջերմացումի պատճառով: Այս մասին կը նախազգուշացնեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի կեդրոնի (CDC) մասնագէտները:
Մասնագէտները վերլուծած են վերջին 40 տարուան առաջնային ամիպային (amoeba) գլխուղեղի բորբոքումի դէպքերը, յայտնած է LiveScience պարբերականը: Պարզուած է, որ ամէն տարի կ՛արձանագրուին գրեթէ նոյնքան նոր վարակումներ, սակայն կը փոխուի աշխարհագրութիւնը. Naegleria fowleri «մայքրօ»-օրկանիզմի բնակութեան տարածքը համաշխարհային ջերմացումի հետեւանքով կը տեղափոխուի հիւսիս:
Ամիպային (amoeba) գլխուղեղի բորբոքումը այնքան վտանգաւոր վարակում է, որ գրեթէ միշտ մահուան ելք կ՛ունենայ: Օրկանիզմի մէջ յայտնուելով՝ ախտածինը արագ կը հասնի մինչեւ գլխուղեղ եւ կը սկսի հիւսուածքները քայքայել: Գաղտնի շրջանը սովորաբար կ՛երկարի քանի մը օրէն մինչեւ 2 շաբաթ:
Որպէս կանոն, Naegleria fowleri կարելի է գտնել ջուրի 45 (Սելսիըսի) աստիճան ջերմաստիճանով լճացած ջրամբարներու մէջ: Վարակումի բարենպաստ աղբիւր կրնան ըլլալ նաեւ լողաւազանները: