«Քորոնա» ժահրային համավարակ յայտարարուելու առաջին վայրկեանէն, սկսած են տարածուիլ հակասական հաղորդագրութիւններ այն մասին, թէ ինչպէ՞ս ծխողներու մօտ կ՛ընթանայ COVID-19-ը: Շատեր կ՛ըսէին, թէ ծխողները աւելի հազուադէպ կը վարակուին, իսկ ուրիշներ՝ հակառակը, որ անոնք վտանգի խումբին մէջ են:
Վերջին հետազօտութիւնները, փաստօրէն, պատասխանած են այդ հարցին. ծխելը, այնուամենայնիւ, զգալիօրէն կը բարձրացնէ հիւանդութեան ծանր ընթացքի վտանգը, յայտնած է Medportal.ru-ն:
Համավարակի սկիզբը, գիտնականները շատ անգամ նախազգուշացուցած են, որ ծխելը կրնայ կապուած ըլլալ COVID-19-ի ծանր ընթացքի եւ ատոր հետեւանքով մահացութեան հետ, որովհետեւ այդ հիւանդութիւնը կը վնասէ շնչառական համակարգը, որ նաեւ կը վնասուի ծխելու հետեւանքով: Սակայն տարբեր երկիրներէ հաղորդագրութիւններ կը ստացուէին, այն մասին, թէ ծխողները, իբրեւ թէ, նուազ խոցելի են «քորոնա» ժահրին նկատմամբ:
Նոր հետազօտութեան ծիրին մէջ, ամերիկացի կենսաբաններ ստեղծած են շնչուղիներու «մօտել» ցօղունային բջիջներէն, որպէսզի պարզեն, թէ ինչպէ՞ս SARS-Cov-2-ը կ՛ազդէ վարակուած ծխողի օրկանիզմին վրայ: Պարզուած է, որ ծխելը իսկապէս կը նպաստէ հիւանդութեան ծանր ընթացքի վտանգի բարձրացումին, որովհետեւ անիկա կը նպաստէ «ինթըրֆերոն»-ներու (սպիտակուցներ, որոնք կ՛արտադրուին օրկանիզմի բջիջներու կողմէ՝ ի պատասխան «փաթոճեն»-ի ներթափանցումի) աշխուժութեան արգելափակման: Ծուխը կը նուազեցնէ շնչուղիներու արձագանգը այդ սպիտակուցներու նկատմամբ: Գիտնականներու խօսքով՝ ծխելը կը յանգեցնէ ժահրով վարակուած բջիջներու թիւի եռակի յաւելումին:
Այդ մէկը բնաւ առաջին համոզիչ փաստը չէ, որ ծխելը ոչ միայն չի պաշտպաներ «քորոնա» ժահրէն, այլ նաեւ կ՛աւելցնէ վտանգը: Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը հրապարակած է հետազօտութիւններու արդիւնքները, որոնց մէջ գնահատուած է «նիքոթին»-ի դերը հիւանդութեան ծանր ընթացքին վրայ՝ եզրակացնելով, որ համավարակի ժամանակ, ծխողները կ՛ենթարկուին աւելի բարձր վտանգի: Գիտական աշխատութեան մէջ կը նշուի, որ COVID-19-ով բուժուածներու շուրջ 18,5 առ հարիւրը պարբերաբար կը ծխէ:
Աւելի ուշ, Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտնականները գնահատած են վարակի ծանր ընթացքը 18-25 տարեկան երիտասարդներու շրջանակին մէջ՝ հաշուի առնելով շարք մը գործօններ: Պարզուած է, որ հետազօտութեան իւրաքանչիւր երրորդ մասնակիցը (32 առ հարիւր) ունի COVID-19-ով վարակուելու պարագային հիւանդութեան ծանր ընթացքի կամ մահացութեան վտանգ:
Սակայն կ՛արժէ՞ արդեօք դադրեցնել ծխելը այս վայրկեանին
Ծխելէն հրաժարումը միշտ կը ստեղծէ յաւելեալ «սթրես», սակայն, մասնագէտներու կարծիքով, այժմ, այնուամենայինիւ, ամէնէն յարմար ժամանակն է համբերութեամբ լեցուելու եւ այդ վնասակար սովորութենէն հրաժարելու համար: