Բորբոսով ուտելիքները, մասնաւորաբար հացը, վտանգաւոր են փոքրիկներու, յղիներու եւ տկար դիմադրողականութիւն ունեցող մարդոց համար։
The Sun-ը կը յայտնէ, որ սննադամթերքի անվտանգութեան ծառայութեան մասնագէտները զգուշացուցած են բորբոսած ուտելիքներու մահացու վտանգին մասին։ Անոնք յանձնարարած են թափել ամբողջ հացը, եւ ոչ թէ կտրել բորբոսած հատուածները։
Ի տարբերութիւն մանրէներու՝ բորբոսասունկերը կազմուած են անզէն աչքով տեսանելի բջիջներէ՝ «սփոր»ներէ, որ անոնց գոյն կու տան։ Այդ կը դիւրացնէ անոնց յայտնաբերումը եւ կը կանխէ փճացած սնունդի օգտագործումը։
Բորբոսի որոշ տեսակներ կը յառաջացնեն «էլըրճիք րիէքշըն»ներ եւ շնչառական խնդիրներ։ Նաեւ որոշ պայմաններու մէջ բորբոսը կ՛արտադրէ «մայքրօթոքսին»ներ՝ թունաւոր նիւթեր, որոնք կը հրահրեն հիւանդութիւններու զարգացում, կը նշուի հետազօտութեան մէջ։ Հիւանդանալու աւելի մեծ վտանգի տակ են տարեցները, փոքրիկները, յղիները եւ տկար դիմադրողականութիւն ունեցող մարդիկ։
Բորբոսած հացին վրայ կրնայ քանի մը տարբեր տեսակի սունկեր ըլլալ: Բորբոսը ոչ միայն կը փճացնէ ուտելիքի մը վերին շերտը, այլ անիկա կրնայ տարածուիլ ծակծկոտ սնունդին խորքը, կը նշեն Մեծն Բրիտանիոյ սնունդի «սթէնտըրտ»ներու գործակալութեան (FSA) մասնագէտները:
«Որպէս կանոն, մակերեսի մը վրայ մէկ սանթիմեթր տրամագիծով բորբոսները նաեւ մէկ սանթիմեթր կը թափանցեն սնունդին մէջ»,- աւելի կանուխ ըսած է բորբոսի մասնագէտ, տոքթոր Փաթրիք Հիքին:
Բորբոսը, ի տարբերութիւն պաքթիրիաներու, չի յառաջացներ յանկարծակի սննդային թունաւորումներ։ Այնուամենայնիւ, որոշ սննդային «մայքրօթոքսին»ներու ազդեցութիւնը կրնայ ըլլալ արագ եւ զօրաւոր: «Եթէ մարդ մեծ քանակութեամբ թունաւոր բորբոս ուտէ, անոր մօտ կրնայ զարգանալ ստամոքս-աղիքային խանգարում, լեարդի կամ երիկամներու անբաւարարութիւն, որ մահացու վտանգաւոր է»,- զգուշացուցած է Հիքին։