Չինացի գիտնականներ վերլուծած են մարդու օրկանիզմը եւ յայտնաբերած՝ հինգ օրկան, որոնց կորուստը մարդուն չի զրկեր բնական կեանք վարելու կարողութենէն։ Այս յայտնագործութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ մարդու մարմնի հնարաւորութիւններուն մասին, կը գրէ pravda.ru-ն։
Լեղապարկը՝ փոքրիկ պարկ, կը ծառայէ որպէս լեարդին կողմէ արտադրուող լեղիի պահեստ։ Լեղին առանցքային դեր կը խաղայ ճարպերու քայքայման աշխատանքին մէջ եւ կը բարելաւէ մարսողութիւնը: Քոլեսթերոլային քարերու պարագային կրնայ անհրաժեշտ ըլլալ միզապարկի հեռացում, սակայն ճիշդ սննդականոնի պարագային կարելի է խուսափիլ այս գործարկութենէն։
Կոյր աղիքը, թէեւ կը նկատուի օրկան, բայց էական դեր չի խաղար մարսողութեան մէջ։ Այնուամենայնիւ, անիկա կարեւոր է աղիքային «մայքրոֆլորայի» եւ դիմադրողական համակարգի պահպանման համար: Յաճախ, երբ բորբոքում կայ, կոյր աղիքը կը հեռացնեն՝ բարդութիւններէ խուսափելու համար։
Նոյնիսկ մէկ թոքի կորուստէն ետք մարդ երկրորդ թոքի պահեստային կարելիութիւններուն շնորհիւ կրնայ «աքթիվ» կեանք վարել։
Ստամոքսը առանցքային դեր կը խաղայ մարսողութեան մէջ, սակայն քաղցկեղի պատճառով ատոր հեռացումը մարդուն չի զրկեր լիակատար կեանքով ապրելու կարելիութենէն։ Սակայն, առողջութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է յատուկ սննդականոն:
Երիկամները, որոնք կը զտեն արիւնը եւ կ՛արտադրեն հորմոններ, նոյնպէս այն օրկաններու ցանկին մէջ են, որոնք կրնան փոխարինուիլ փոխպատուաստումով։ Յաջող գործողութենէ ետք մարդ կրնայ լիակատար կեանք վարել։
Այսպիսով, թէեւ մարդու մարմինը սահմանափակումներ ունի, ժամանակակից բժշկութիւնը կ՛ապահովէ ապրելու եւ գործելու կարողութիւն նոյնիսկ որոշ օրկաններու կորուստէն կամ հեռացումէն ետք: