Մահացու ժահրը, որ կրնայ կենդանիներէն փոխանցուիլ մարդոց, արդէն իսկ տարածուած է Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ։
Նոր հետազօտութեան համաձայն՝ ահաւոր ժահրը կրնայ կրծողներէն փոխանցուիլ մարդոց եւ յառաջացնել արիւնահոսութիւն, էպոլայի «հեմոռաճիք» տենդը յիշեցնող ախտանշաններով։
Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «Emerging Infectious Diseases» ամսագրին մէջ։
Շէկ դաշտամուկերը Շուէտի մէջ, որոնք յարուցիչի փոխանցողներն են, արդէն վարակած են երկու մարդ, որու հետեւանքով անոնք հիւանդացած են ժահրային «հեմոռաճիք» տենդով։
Տակաւին 2018ին Շուէտի մէջ բժիշկները ախտորոշած էին ժահրի պատճառած համաճարակային «նեֆրոփաթի»ի պարագայ, որ փոխանցած են դաշտամուկերը՝ «Փումալա» ժահրի միջոցով։
Վերջերս բժիշկները յայտնաբերած են «դաշտամուկերու տենդի» պարագայ այնտեղէն մօտաւորապէս 300 մղոն հեռու, ուր անիկա ի յայտ եկած էր սկիզբը, եւ հիւանդը դուրս չէր եկած երկրի սահմաններէն վարակուելէն առաջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ հիւանդութիւնը տարածուած է իրենց մայրենի քաղաքին մէջ։
Երկու դէպքերու ախտանշանները կը ներառեն տենդ, ընդհանուր տկարութիւն, քիթէն արիւնահոսութիւն եւ երիկամներու գործունէութեան վատթարացում։ Երկու հիւանդները բուժուած են, բայց այդ մէկը Ուփսալայի համալսարանի գիտնականներուն մղած է հետաքննութիւն կատարել։
Գիտնականները քննած են շէկ դաշտամուկերը «Սքանիա» շրջանին մէջ, ուր ժահրը յայտնաբերուած է առաջին անգամ, եւ բացայայտած են, որ 74էն 9ն կը կրէ «հանթաժահրի ճին»եր։
Հանթաժահրերը հիմնականին մէջ կը նկատուին կրծողներու մօտ, ինչպէս՝ մուկերը, առնէտները եւ դաշտամուկերը, եւ սովորաբար մարդոց մօտ կը յառաջացնեն երկու տեսակի հիւանդութիւններ՝ «հեմոռաճիք տենդ» երիկամային համախտանիշով եւ «հանթերային» թոքային համախտանիշ։ Ամենէն վատ պարագային, երիկամային համախտանիշով «հեմոռաճիք տենդ»ը կրնայ յանգեցնել մահացու ելքի։ Բացի ատկէ, գիտնականները նաեւ բացայայտած են, որ կրծողներուն վարակած են ժահրի երկու շտամներ՝ մէկը Շուէտէն, միւսը՝ Ֆինլանտայէն կամ ռուսական Քարելիայէն։