Միշիկընի պետական համալսարանի Մարդկային Բժշկութեան քոլէճի գիտնականները բացայայտած են, որ հոտառութեան կորուստը սրտի անբաւարարութեան բարձր վտանգի նշաններէն մէկն է: Մասնագէտները իրենց հետազօտութեան արդիւնքները ներկայացուցած են Ամերիկեան սրտի ընկերութեան (Journal of the American Heart Association) հանդէսին մէջ:
Հոտ առնելու ունակութեան սրութիւնը յաճախ կը նուազի, կը հաղորդէ Planet Today-ը։ Շարք մը հետազօտութիւններ ցոյց կու տան, որ 50 տարեկանին իւրաքանչիւր չորրորդ մարդու հոտ առնելու ունակութիւնը կը նուազի: Իսկ 80 եւ աւելի բարձր տարիքի մարդոց կէսէն աւելին արդէն այսպիսի բարդութիւններ կ՛ունենան։ Իսկ այդ իր կարգին, յաճախ կը յանգեցնէ մարդու կեանքի որակի նուազումին եւ նոյնիսկ վտանգներու բարձրացման: Օրինակ՝ մարդ կրնայ չզգալ փճացած ուտելիքի հոտը կամ թարախային արտանետումը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել վտանգաւոր հետեւանքներու։
Նոր հետազօտութեան մասնակցած են 70-79 տարեկան երկու հազար հինգ հարիւր երեսուն եօթը կամաւորներ: Բացայայտուած է, որ հոտառութեան կորուստը կրնայ սրտային անբաւարարութեան (CHF) ախտանշաններէն մէկը ըլլալ։
Այս «փաթոլոճիքըլ» վիճակին մէջ սիրտը չի կրնար արդիւնաւէտ ձեւով արիւն մղել, կամ, այդ մէկը կը կատարէ միայն այն պարագային, երբ արեան ճնշումը անբնական բարձր է:
Սրտային անբաւարարութիւնը կը զարգանայ սրտի տկար գործունէութեան հետեւանքով։ Բացայայտուած է, որ սրտային անբաւարարութեան հաւանականութիւնը, որ պայմանաւորուած է հոտառութեան կորուստով, կը բարձրանայ մօտաւորապէս 30 առ հարիւրով: