Հոտառութեան մասնակի կամ ամբողջական կորուստը՝ «անոսմիա»-ն, կրնայ ոչ միայն «քորոնա» ժահրային բորբոքումի ախտանիշ ըլլալ, այլեւ՝ շարք մը լուրջ հիւանդութիւններու, յայտնած է բժիշկ Ալիոնա Փարեցքայան (Ռուս)։
Մասնագէտը, զրոյցի ընթացքին, նշած է, որ հոտառութեան կորուստ ունեցող հիւանդներու մեծ մասը անմիջապէս կը մտածէ, որ «քորոնա» ժահրով վարակուած է։ Սակայն կան բազմաթիւ այլ խնդիրներ եւ հիւանդութիւններ, որոնք կրնան այդպիսի ախտանիշ յառաջացնել։
Բժիշկ Փարեցքայային խօսքով՝ հոտառութեան կորուստի ամէնէն լուրջ պատճառը կեդրոնական նեարդային համակարգի յառաջադէմ հիւանդութիւնն է, օրինակ՝ «Ալզհայմըր»-ը։ Սակայն հոտառութեան կորուստը երբեմն կրնայ ըլլալ նաեւ ծերացումի բնական մէկ մասը։
«Ծերութեան փոփոխութիւններէն բացի, խնդիրը կրնայ յառաջացնել որոշ դեղամիջոցներու կիրառումը կամ թունաւոր քիմիական նիւթերու ազդեցութիւնը»,- ըսած է մասնագէտը։
Անոր խօսքով՝ այդպիսի նիւթերու շարքին կը դասուին «զինք»-ի ներքին (ռնգային) դեղամիջոցները, ուռեցքներու դէմ քիթի «սփրէյ»-ները եւ շարք մը խմելու դեղեր, օրինակ՝ «նիֆետիփին»-ը եւ «ֆենոթիազին»-ները։
Հոտառութեան յանկարծակի կորուստը կրնայ ըլլալ գլխու վնասուածքի կամ քիթի վերին հատուածի ծանր վնասուածքի կողմնակի ազդեցութիւն։ «Անոսմիա» կրնան յառաջացնել նաեւ քիթի ծոցերուն կամ քթանցքերուն մէջ գտնուող «փոլիփ»-ները։ Իսկ եթէ մարդ սկսի աստիճանաբար կորսնցնել հոտերը զգալու ունակութիւնը, բայց յետոյ հոտառութիւնը վերադառնայ, այդ պարագային «անոսմիա»-ն կրնայ ըլլալ ծոցի բորբոքումի պատճառով «քրոնիք» արգելակումի կամ «ալերճիք» հակազդեցութեան հետեւանք։
Հոտառութեան կորուստը կրնայ ի յայտ գալ «հորմոնալ» անհաւասարակշռութեան, ակռաներու խնդիրներու ժամանակ կամ իբրեւ ճառագայթային «թերափի»-ի հետեւանք, նշած է մասնագէտը։