Ինսուլինանման «INSL3 փեփթիտ»ային հորմոնը, որ տղամարդոց մօտ կը յառաջանայ սեռահասունացման շրջանին, կարեւոր դեր կը խաղայ աւելի հասուն տարիքին որոշ հիւանդութիւններու յառաջացման կանուխ ախտորոշման գործին մէջ։ Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Նոթինկհամի համալսարանի գիտնականները, որոնց յօդուածը հրապարակուած է Frontiers in Endocrinology ամսագրին մէջ։
INSL3 հորմոնը կ՛արտադրուի ամորձիներու այն նոյն բջիջներուն մէջ, որոնք կ՛արտադրեն «թեսթոսթերոն»։ Բայց «թեսթոսթերոն»ի մակարդակը կը տատանի տղամարդոց կեանքի ամբողջ ընթացքին, իսկ INSL3-ի մակարդակը, սկսելով սեռահասունացման շրջանին, կը մնայ անփոփոխ, միայն շատ քիչ կը պակասի ծեր տարիքին։ Ինչպէս բացայայտած են գիտնականները, անիկա կրնայ տարիքային տարբեր հիւանդութիւնները ախտորոշող «պայոմարքըր»ի դեր խաղալ, օրինակ՝ ոսկորներու տկարութեան, սեռային գործունէութեան խախտումի, շաքարախտի եւ սիրտ-անօթային հիւանդութիւններու։
Խումբը վերլուծած է 3 հազար տղամարդու արեան նմուշները երկու փորձանօթներու մէջ՝ առնուած չորս տարուան միջակայքով։ Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ ի տարբերութիւն«թեսթոսթերոն»ի՝ INSL3-ը կը մնայ անփոփոխ մակարդակով, միաժամանակ՝ իւրաքանչիւր տղամարդու հորմոնի խտութեան մակարդակը արեան մէջ անհատական է։ Այս հորմոնի անփոփոխ բնոյթի բացայայտումը շատ կարեւոր է. այդ կը նշանակէ, որ երիտասարդ տարիքին INSL3-ի բարձր մակարդակ ունեցող տղամարդու մօտ անիկա բարձր կ՛ըլլայ նաեւ ծեր տարիքին, ինչ որ տղամարդուն աւելի քիչ կ՛ենթարկէ տարիքային հիւանդութիւններով հիանդանալու վտանգին։
Գիտնականներու կարծիքով՝ հորմոնի քանակին վրայ կ՛ազդէ սնունդը մանուկ հասակին։ Հետագայ հետազօտութիւններու մէջ գիտնականները կը ծրագրեն աւելի լաւ ուսումնասիրել, թէ ինչը կ՛ազդէ արեան մէջ հորմոնի մակարդակին վրայ։