Քորոնա ժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ, մարդիկ սկսած են աւելի յաճախ օգտագործել ախտահանող միջոցներ եւ «հակապաքթիրիըլ ժելեր ու սփրէյ»-ներ: Գիտնականները կը կարծեն, որ այս միտումը երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ կրնայ խնդիրներ յառաջացնել մարդու առողջութեան եւ միջավայրին համար:
Հաւանական թունաւորում
Ձեռքերու ախտահանող միջոցները աւելի շատ ալքոլ` «էթանոլ» կամ «իզոփրոփանոլ» կը պարունակեն 60-95% խտացումով: Ոչ ճիշդ օգտագործելու պարագային, ատոնք կրնան թունաւոր եւ վտանգաւոր ըլլալ:
Աւելին, ըստ որոշ հետազօտողներու, «էթանոլ»-ի վրայ հիմնուած ձեռքերու ախտահանող միջոցներու պարբերաբար օգտագործումը կը յանգեցնէ արեան մէջ այս նիւթին համեմատաբար ցած, բայց չափելի խտութիւններու:
Հակապայոթիք դիմադրութիւն
Ալքոլային հիմքով ձեռքերու ախտահանող միջոցներու պարբերաբար օգտագործումը կրնայ նաեւ նպաստել սուփըրմանրէներու թիւի աճին, որովհետեւ մանրէները աւելի կայուն կը դառնան դեղերու նկատմամբ: Հետազօտութիւնները արդէն ցոյց տուած են, որ մանրէներու որոշ շտամներ արդէն հանդուրժող դարձած են ձեռքերու ախտահանող միջոցներու նկատմամբ:
Փոփոխուած «միքրոպիոմ»
Ձեռքերու ախտահանման ալքոլային հիմքով միջոցներու չափազանց յաճախ օգտագործումը կրնայ վնասել մաշկը եւ ճեղքեր յառաջացնել, ինչ որ մաշկը աւելի խոցելի կը դարձնէ վարակներու նկատմամբ: Ախտահանման միջոցները նաեւ կ՛ոչնչացնեն մաշկի «միքրոպիոմ»-ի մէջ օգտակար մանրէները, եւ այդ մասին նոյնպէս պէտք չէ մոռնալ։