Արդեօք բաւարար կաթ կը պատրաստէ՞ք կուրծքով կերակրելու համար
Ծնելէն ետք առաջին քանի մը օրերուն ընթացքին կուրծքը կը պատրաստէ իտէալ «առաջին կաթ»ը, որ կը կոչուի «քոլոսթրըմ»: Այս կաթին քանակը շատ չէ, բայց կայ այնքան, որ նորածինին սննդային կարիքները կը գոհացնէ: «Քոլոսթրըմ»ը կ՛օգնէ, որպէսզի նորածիններուն մարսողական «թրաքթը» կազմաւորուի եւ պատրաստուի կուրծքի կաթը մարսելու:
«Քոլոսթրըմ»ը կուրծքի կաթի առաջին փուլն է, որ ժամանակի ընթացքին կը փոխուի, որպէսզի փոքրիկին տրամադրէ անհրաժեշտ սնունդը, երբ ան կը մեծնայ: Երկրորդ փուլը կը կոչուի անցումային կաթ: Այդ տեղի կ՛ունենայ, որովհետեւ «քոլոսթրըմ»ը աստիճանաբար կը փոխարինուի կուրծքի կաթի երրորդ փուլով, որ կը կոչուի հասուն կաթ:
Դուք կը սկսիք անցումային կաթ պատրաստել ծննդաբերութենէն քանի մը օր անց: Ծնելէն 10-15 օր ետք, դուք հասուն կաթ կը պատրաստէք, որ ձեր փոքրիկին կու տայ անհրաժեշտ սնունդը:
Փոքրիկներու մեծ մասը ծնելէն ետք առաջին 3-5 օրուան ընթացքին քիչ մը կշիռք կը կորսնցնեն: Այս կորուստը կապուած չէ կուրծքով կերակրումի հետ։
Նոյնիսկ եթէ դուք կուրծքով կերակրէք առաջարկուած 6 ամիսէն պակաս, աւելի լաւ է կուրծքով կերակրել կարճ ժամանակ, քան ընդհանրապէս ժամանակ չտալ կուրծքով կերակրելու: Կրնաք «սոլիտ» սնունդ աւելցնել 6 ամսուընէ սկսեալ, բայց նաեւ շարունակել կուրծքով կերակրել, եթէ կը փափաքիք շարունակել կաթ արտադրել:
Ձեր փոքրիկը բաւարար կաթ կը ստանա՞յ
Կուրծքով կերակրող շատ մայրեր կը մտածեն, թէ արդեօ՞ք իրենց փոքրիկները բաւարար կաթ կը ստանան լաւ սնուելու համար: Եթէ փոքրիկը բաւարար կուրծքի կաթ կը ստանայ, ան պէտք է.
- Ծննդաբերութենէն ետք առաջին քանի մը օրերուն ընթացքին չկորսնցնէ իր ծննդեան կշիռքին 7 առ հարիւրէն աւելին։
- Գոհունակ երեւի մօտաւորապէս 1-3 ժամ մինչեւ յաջորդ կերակրումը։
- Օրական նուազագոյնը 6 շոր պէտք է թրջէ շատ գունատ կամ թափանցիկ մէզով մինչեւ 7-10 օրուան հասնիլը։
Ինչպէ՞ս աւելցնել կաթի մատակարարումը
- Մինչ փոքրիկը յաւելեալ կաթի կարիքը կ՛ունենայ եւ աւելի կ՛ուզէ կերակրուիլ, կուրծքը բնականաբար կ՛արձագանգէ՝ աւելի կաթ արտադրելով: Մասնագէտները կը թելադրեն 6 ամիս փորձել բացառապէս կուրծքով կերակրել (առանց խառնուրդի, հիւթի կամ ջուրի): Եթէ օգտագործէք լրացուցիչ կաթնախառնուրդ, ձեր կուրծքերը կրնան աւելի նուազ կաթ արտադրել:
- Սակայն կարգ մը ծնողներ կը պայքարին կանուխէն բաւականաչափ կաթ պատրաստել: Այդ կրնայ տեղի ունենալ, եթէ փոքրիկը ծնած է վաղաժամ, կամ եթէ դուք բաժնուած էք ձեր փոքրիկէն անոր ծնելէն անմիջապէս յետոյ:
- Ձեր կաթի պաշարը աւելցնելու միջոցներէն մէկը կրնայ ըլլալ աւելի յաճախ «փոմփ» ընելը, ոչ թէ երկարաձգելը: Փորձեցէ՛ք «փոմփ» ընել 10 վայրկեան, ապա 10 վայրկեան ընդմիջում կատարել մօտաւորապէս մէկ ժամով, անշուշտ պահելով ձեր բնական «փոմփինկ»ի առօրեան: Այս կրնայ օգնել 3-4 օրուան ընթացքին աւելցնելու ձեր կաթի պաշարը:
- Վստահ եղէք, որ երբ կը կերակրէք, պէտք է ձեր մարմինը բաւարար ջուր ունենայ, յատկապէս, եթէ դուք նաեւ «քաֆէին» պարունակող խմիչքներ կը խմէք:
Եթէ դուք չէք նկատեր կաթի քանակի բարձրացում, հակառակ յաճախակի «փոմփինկ»ին, խօսեցէք ձեր բժշկական խնամատարին կամ «լաքթէյզ»ի խորհրդատուի մը հետ։ Կրնայ պատահիլ, որ ձեր կուրծքի «փոմփ»ը չի համապատասխաներ ձեր կուրծքին եւ անոնք կրնան օգնել գտնելու համար ճիշդ չափը։