Վարսակը, այսօր, ամէնէն տարածուած ուտելիքներէն մէկն է աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ: Ի տարբերութիւն շատ մը այլ սիրուած ուտելիքներու` վարսակը ոչ միայն համեղ է, այլեւ` օգտակար:
Ահաւասիկ, քանի մը պատճառ, ձեր սննդակարգին վրայ վարսակ աւելցնելու համար:
Վարսակը հարուստ է սննդարար նիւթերով. մէկ գաւաթ (81 կ) վարսակը կը պարունակէ.
.307 ջերմուժ
.55 կ ածխաջուրեր
.8 կ մանրաթել
.11 կ սպիտակուց
.5 կ ճարպ
.Մակնիզիումի օրական չափաքանակի 27 առ հարիւրը
.Սելենիումի օրական չափաքանակի 43 հարիւրը
.ֆոսֆորի օրական չափաքանակի 27 հարիւրը
.Փոթասիումի օրական չափաքանակի 6 հարիւրը
.Զինքի չափաքանակի 27 հարիւրը
Վարսակը կ՛օգնէ վերահսկելու քոլեսթերոլի մակարդակը
Պեթա-կլիւքանը (վարսակին մէջ գտնուող լուծուող մանրաթելերու տեսակ) կրնայ օգնել աւելի արդիւնաւէտօրէն վերահսկելու քոլեսթերոլի մակարդակը արեան մէջ: Օրկանիզմին մէջ յայտնուելէն ետք, պեթա-կլիւքանը «ժել»-ի կը վերածուի, որ կը սահմանափակէ քոլեսթերոլի կլանումը եւ կը կանխէ լեղիի աղերու վերծծումը, որոնք կ՛օգնեն նիւթափոխանակելու ճարպերը: Հետազօտութեան համաձայն` վարսակէն առնուազն 3 կրամ պեթա- կլիւքանի օրական ընդունումը կրնայ 5-10 առ հարիւրով նուազեցնել քոլեսթերոլի մակարդակը արեան մէջ:
Վարսակը կը բարելաւէ «կլիւքոզ»-ի վերահսկումը արեան մէջ
Կը նկատուի, որ վարսակի պեթա-կլիւքանը կ՛օգնէ վերահսկելու «կլիւքոզ»-ի մակարդակը արեան մէջ:
Վարսակը կ՛օգնէ վերահսկելու արեան ճնշումը
Վարսակին մէջ լուծուող մանրաթելը կ՛օգնէ վերահսկելու արեան ճնշումը, որ սիրտի հիւանդութեան համար շատ կարեւոր վտանգի գործօն կը նկատուի: Journal of Hypertension ամսագիրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ օրական 8 կրամ վարսակի օգտագործումը կրնայ օգնել նուազեցնելու «սիսթոլիք» եւ «տիասթոլիք» արեան ճնշումը:
Վարսակը կը նպաստէ աղիքներու առողջութեան
Վարսակը չլուծուող մանրաթել կը պարունակէ, որ կ՛օգնէ պահպանելու աղիքներու առողջութիւնը եւ կը նպաստէ ատոնց բնականոն գործունէութեան: