Անգլիական Պլեքպըրն քաղաքի բնակչուհի, 43 տարեկան Քելի Էն վստահ է, որ կը շարունակէ ապրիլ միայն Ալիանա անունով ձիուն շնորհիւ, որ հոտառութեան միջոցով իր մօտ մահացու հիւանդութիւն յայտնաբերած էր եւ փրկած՝ իր կեանքը:
2015-ի Հոկտեմբերին, Քելին առաջին անգամ «էփիլեփթիք քրիզ» ունեցած էր: Ժամանակի ընթացքին, այդպիսի «քրիզները» սկսած էին աւելի յաճախ պատահիլ` օրական մինչեւ 15 անգամ: Բացի ատկէ, անոր սկսած էր հետապնդել մետաղի համը եւ հոտը: Բժիշկները անոր հակա-էփիլեփթիք դեղամիջոց նշանակած էին, հաղորդած է Daily Mail-ը:
Մէկուկէս ամիս ետք, ան այցելած էր իր ձիուն` Ալիանային, որուն հետ մասնակցած էր ձիարշաւներու: Հանդիպումին ընթացքին, ձին սովորական չէր պահած ինքզինք. սկսած էր աջ կողմէն հոտոտալ Քելիին գլուխը: Ինչպէս պարզուած էր, ճիշդ այդտեղ կինը ուռուցք ունէր: Անհանգստանալով ձիուն տարօրինակ կեցուածքէն` ան կրկին դիմած էր բժիշկի. կնոջ մօտ «օլիկոտենտրոկլիոմա»` ուղեղի ուռուցքի հազուագիւտ տեսակ յայտնաբերած էին: Քելիին գործողութեան ենթարկած էին եւ հեռացուցած՝ ուռուցքը, սակայն 2017-ին, կրկնուելու պատճառով, ան կրկին ստիպուած եղած էր բուժումի ենթարկուելու:
«Բժիշկները ինծի կ՛ըսէին, որ ես առնուազն մէկ տարի չեմ կրնար ձիավարութեամբ զբաղիլ, բայց արդէն եօթ ամիս ետք, ես կրկին թամբի վրայ էի,- պատմած է ան:- Ես կը վստահիմ Ալիանային: Ան, կարծես, միշտ կը զգայ` երբ ես հիւանդ եմ»: