Էլէն եւ Ռոնալտ Քափլան քաղցկեղի կեդրոնի մոլեքիւլային եւ բջիջային ուռուցքներու ծրագրի օգնական փրոֆեսոր, Ուիսթար հիմնարկի գիտնական, տոքթ. Նէն Ճանկ եւ գործընկերները ձուարաններու քաղցկեղի բուժման նոր մօտեցում բացայայտած են, որ նախաքլինիքական տարրալուծարանական քննութիւններու միջոցով ի յայտ բերած է, որ կը փոքրացնէ ուռուցքները, միաժամանակ ուռուցքները քիմոթերափիի հանդէպ աւելի դիւրազգաց դարձնելով:
Անոնց բացայայտումները հրապարակուած են Journal of Experimental Medicine ամսագրին մէջ՝ «Myeloid Activation Clears Ascites and Reveals IL27-Dependent Regression of Metastatic Ovarian Cancer» վերնագիրով յօդուածին մէջ։
«Այս առաջին անգամն է, որ հետազօտողները կրցած են անուղղակիօրէն թիրախաւորել ձուարաններու քաղցկեղի բջիջները որովայնային հեղուկին մէջ (հեղուկ որովայնային խոռոչին մէջ, ուր ձուարաններու քաղցկեղը յաճախ կը տարածուի) դիմադրողական արձագանգ յառաջացնելով նախաքլինիքական «մոտել»-ներու մէջ»,- ըսած է Ճանկ: «Մենք կ՛ակնկալենք շարունակել այս հետազօտութիւնը, յատկապէս մեր բացայայտումները IL27-ի դերի վերաբերեալ, որպէսզի կարենանք շարունակել մշակել այլ ռազմավարութիւններ՝ բարելաւելու համար ձուարաններու քաղցկեղի դէմ պայքարի այս նոր մօտեցումը»:
Ձուարաններու քաղցկեղը «կինեքոլոճիք» ամենէն մահաբեր քաղցկեղն է, ուր «մեթասթաթիք» ձուարաններու քաղցկեղ ախտորոշուած հիւանդներու մօտ ախտորոշումէն հինգ տարի ետք գոյատեւելու միայն 30 առ հարիւր հաւանականութիւն գոյութիւն ունի:
Ձուարաններու քաղցկեղով «մեթասթազ»ներու վտանգը (երբ քաղցկեղը կը տարածուի ամբողջ մարմնին մէջ) կը բարձրանայ երկու հիմնական պատճառով.
1.Ձուարաններու քաղցկեղը բնականաբար դիմադրողականութիւն կը ցուցաբերէ քիմոթերափիի նկատմամբ, դժուարացնելով անոր դէմ պայքարը, հոն ուր կը պատահի:
2. Ձուարաններու քաղցկեղը կը տարածուի որովայնային հեղուկին միջոցով դէպի որովայնային խոռոչ, մարմնի մեծ տարածութիւն, որ կ՛ընդգրկէ ստամոքսը եւ աղիքները: Այս հատուածի քաղցկեղը յատկապէս վտանգաւոր է, որովհետեւ որովայնային խոռոչը կը նուազեցնէ դիմադրողական համակարգի ուժը եւ արդիւնաւէտութիւնը, հետեւաբար սահմանափակելով մարմնին կարողականութիւնը՝ արձագանգելու ուռուցքներուն:
Ձուարաններու քաղցկեղի մարտահրաւէրը լուծելու համար, Ճանկը եւ անոր գործընկերները կը վերանային մօտաւորապէս մէկ դար առաջուան հնարաւոր լուծումը: 1800-ականներու վերջաւորութեան եւ 1900-ականներու սկիզբը Նիւ Եորքի վիրաբոյժ Ուիլիամ Քոլի հասած է բուժման աւելի քան 10 առ հարիւր տոկոսադրոյքի՝ որոշ քաղցկեղներու հիւանդներուն մեռած «փաթոճեն»ներ ներարկելով: Հետագային գիտնականները ենթադրած են, որ այս հակաքաղցկեղային ազդեցութիւնը պայմանաւորուած է դիմադրողական համակարգի «մայելոյտ» բջիջներու աշխուժացումով, որոնք առատ են որովայնի խոռոչին մէջ եւ որոնք, երբ կ՛աշխուժանան, կրնան յառաջացնել քաղցկեղ սպաննող արձագանգ:
Հիմնուելով այս հայեցակարգին վրայ՝ Ճանկը եւ անոր խումբը մշակած են մօտեցում մը՝ յատկապէս աշխուժացնելու «մայելոյտ» բջիջները որովայնի խոռոչին մէջ՝ օգտագործելով β-կլիւքանի (փաթոճէն, որ ստացուած է «մայելոյտ» բջիջներու խթանումով) եւ «ինթերֆերոն-կամմա»ի (IFNγ – սպիտակուց մը, որ յատուկ դեր կը խաղայ դիմադրողական համակարգը աշխուժացնելու) համակցութիւնը: Նախնական բացայայտումները ցոյց տուած են, որ այս մեթոտը կրնայ օգնել հակադարձելու ուռուցքներու շուրջ «իմիւնոփրեսիան» (սահմանափակում ուռուցքներուն արձագանգելու մարմնին կարողականութեան):
Անոնց բացայայտումները հաստատած են, որ այս համակցուած թերափին արդիւնաւէտ էր, երբ կը փորձարկուէր նախաքլինիքական տարրալուծարանական «մոտել»-ներու վրայ: Ձուարաններու «մեթասթաթիք» քաղցկեղի «մոտել»-ները β-կլիւքանով եւ IFNγ-ով բուժելէն ետք, ընդհանուր ուռուցքային ծանրաբեռնուածութիւնը զգալիօրէն կրճատուած է հսկող խումբի հետ բաղդատելով: Հիւանդութեան այս շրջադարձը նկատուած է նոյնիսկ ձուարաններու քաղցկեղի քիմոթերափիի նկատմամբ կայուն շտամներու պարագային, որ գիտնականներու խումբը նոյնպէս ուսումնասիրած է։