Տնային ճանճերը կրնան դիւրընկալ ըլլալ քորոնա ժահրին նկատմամբ եւ կրնան կրել այն 24 ժամուան ընթացքին: Այս մասին յայտնած են երկու նոր հետազօտութիւններ:
Տնային ճանճերը (musca domestica) կրնան մարդուն եւ կենդանիներուն՝ մինչեւ 250 մակաբուծային, ժահրային եւ «պաքթիրիըլ» վարակ փոխանցել, յայտնած է Medportal.ru:
Kansas State University-ի եւ Agricultural Research Service-ի գիտնականները երկու տարրալուծարանական փորձ կատարած են, որպէսզի գնահատեն ճանճերու զգայունութիւնը քորոնա ժահրին նկատմամբ: Առաջին հետազօտութեան ընթացքին ուսումնասիրուած է միջատներու` միջավայրի եւ «փաթոճեն»-ի յաւելումով կաթի միջոցով SARS-Cov-2-ով վարակուելու կարելիութիւնը: Ատկէ ետք, գիտնականները նմուշներ առած են այն մակերեսներէն, որոնց քորոնա ժահրի ազդեցութեան տակ գտնուող ճանճերը շփում ունեցած են, եւ փորձարկած են ՊՇՌ (Փոլիմերազային շղփայական ռիեքշըն) թեսթի օգնութեամբ:
Ի յայտ եկած է, որ բոլոր նմուշները ժահրային ՌՆԹ (ռայպոնիւքլէինաթթու) կը պարունակեն: Վարակուած ճանճերով անօթէն վերցուած երկու քսուկներուն մէջ «փաթոճեն»-ի հետքեր յայտնաբերուած են հաւաքելէն 24 ժամ ետք, սակայն այդ արդիւնքները չեն նշանակեր, որ տնային ճանճերը վտանգ կը ներկայացնեն մարդոց կամ կենդանիներու համար: Հետազօտութեան հեղինակները յայտնած են Verywell Health կայքին, թէ հակառակ, որ տարրալուծարանային միջավայրը մօտ էր իրական միջավայրի պայմաններուն, փորձերը չեն կատարուած տուներու եւ բնակարաններու մէջ: Բացի ատկէ, ճանճերը կրնան փոխանցել միայն SARS-Cov-2-ի ՌՆԹ-ն (ռայպոնիւքլէինաթթու) որ ինքնին վարակիչ չէ:
«Իրական կեանքի մէջ որքա՞ն յաճախ կը հանդիպինք այնպիսի իրավիճակի, երբ քորոնա ժահրը կը գտնուի կաթին մէջ, իսկ ճանճն ալ կը լողայ ատոր մէջ: Ես ատոով ընդհանրապէս չէի անհանգստանար», – ըսած է Ճոն Հոփքինսի առողջութեան անվտանգութեան կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Ամէշ Ատալեան: