Գիտնականները, ամբողջ աշխարհի մէջ, կը զբաղին աւելորդ կշիռքի դէմ պայքարի արդիւնաւէտ միջոցներու որոնումով։ Կշիռքի նուազեցման բրիտանական ծառայութիւնները կ՛ակնկալէին, որ ճարպակալման դէմ Wegovy պատուաստը երկրի վաճառասեղաններուն վրայ կը յայտնուի շուտով, բայց եւ այնպէս վաճառքի մեկնարկը յետաձգուած է, գրած է Daily News-ը։
Կանոնաւոր ներարկումները արժանացած են NHS-ի հաւանութեան, իսկ Առողջութեան եւ քլինիքական վարպետութեան ազգային հիմնարկը դեղը յանձնարարած է ճարպակալում ունեցող տասնեակ հազարաւոր բրիտանացիներու։ Կարծիք կար, որ այս խնդիրը ունեցող աւելի մեծ թիւով մարդիկ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կը փափաքին պատուաստուիլ մասնաւոր կարգով։ Ենթադրութիւններ կատարուած են, թէ ինչ կրնայ պատահիլ, երբ բրիտանական խանութներու մէջ յայտնուի նիհարնալու պատուաստը։
Wegovy-ի արտադրողը՝ Novo Nordisk-ը, յոյս յայտնած է, որ դեղը խանութներու մէջ կը յայտնուի «որքան կարելի է շուտ», բայց ճիշդ ժամկէտ չէ նշած, տեղեկացուցած է The Telegraph-ը։
Պատուաստի փորձարկումները ցոյց տուած են, որ անիկա կրնայ 10 առ հարիւրով նուազեցնել կշիռքը։ Մեծն Բրիտանիան նաեւ համաձայնած է դեղի անհամեմատ աւելի ցած գինի վերաբերեալ, քան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր անիկա հասանելի է արդէն մօտաւորապէս երկու տարիէ։ Ամերիկայի մէջ անիկա կրնայ արժել ամէն ամիս 1 300 տոլար, բայց Մեծն Բրիտանիոյ մէջ՝ ամիսը մօտաւորապէս 125 փաունտ սթերլինկ։