Ճափոնի մէջ այս եղանակին յայտնաբերուած է H5 տեսակի թռչնակրիփի առաջին դէպքը, տեղեկացուցած է NHK պետական հեռատեսիլի ընկերութիւնը։
Ընկերութեան տուեալներով, որ յղում կատարած է գիւղատնտեսութեան նախարարութեան պաշտօնեաներուն, Սակա Փրիֆեքչըրի իշխանութիւնները կը սպաննեն մօտաւորապէս 40 հազար թռչուն այդ ագարակին մէջ։
Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիշիտա կառավարութեան նիստ կը գումարէ՝ քննարկելու համար ժահրի տարածումը կանխելու միջոցները։
Ժահրը յայտնաբերուած է «ճենեթիք» ուսումնասիրութեան մը պատճառով, որ իրագործուած է, երբ ագարակին մէջ յայտնաբերուած են սատկած թռչուններ, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Վերջին տարիներուն խիստ «փաթոճեն» թռչնակրիփը տարածուած է ամբողջ աշխարհի մէջ, ինչ որ յանգեցուցած է միլիոնաւոր թռչուններու ոչնչացման։
Ճափոնի մէջ անցեալ եղանակին ոչնչացուած են «ռեքորտային» թիւով թռչուններ՝ 17,7 միլիոն, ինչ որ ստիպած է երկրի իշխանութիւններուն պահպանել բարձր զգօնութեան վիճակը։