«Ճինճըր»-ի թէյը շարք մը բուժիչ յատկութիւններ ունի, այդ շարքին` «քոլեսթերոլ»-ի մակարդակի եւ քաղցկեղի յառաջացման հաւանականութեան նուազեցումը: «Ճինճըր»-ը կրնայ նաեւ նուազեցնել յօդացաւերը: Այս մասին գրած է Express-ը` վկայակոչելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Բժշկական ազգային գրադարանը:
Բազմաթիւ հետազօտութիւններու արդիւնքներու համաձայն` «Ճինճըր»-ը հակաքաղցկեղային յատկութիւններ ունի իր արմատներուն մէջ գտնուող «ճինճըրոլ» նիւթին շնորհիւ: Գիտնականները պարզած են, որ «Ճինճըր»-ը երկու անգամ աւելի առողջարար է, երբ կ՛օգտագործուի կանաչ թէյի հետ:
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ 30 մարդու մօտ, որոնք օրական 2 կրամ «Ճինճըր»-ի «էքսթրէքթ» օգտագործած են, զգալիօրէն նուազած է աղիքներու քաղցկեղի զարգացման վտանգը:
«Ճինճըր»-ը կ՛օգնէ նաեւ վերահսկելու արեան բարձր ճնշումը` ատոր մէջ գտնուող արիւնը բարակցնող «ասփիրին»-ի բաղադրիչի` «սալիսիլէյթ»-ի շնորհիւ:
Բացի ատկէ, եթէ «Ճինճըր»-ի օգտագործման համար հակացուցմունքեր չկան, անիկա կրնայ որպէս բնական միջոց օգտագործուիլ, որ կ՛օգնէ նուազեցնելու ցաւը եւ ամրապնդելու դիմադրողականութեան համակարգը, յայտնած են մասնագէտները: