Ամերիկացի գիտնականներ փորձարարական պատուաստ մը մշակած են վտանգաւոր «Մարպուրկ» ժահրին դէմ, որ կը յառաջացնէ «հեմոռաճիք» տաքութիւն, որ նման է «Էպոլա»ի տաքութեան: Այս մասին կը յայտնէ The New York Times-ը: Ալերժիի եւ բորբոքային հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկի հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Science Translational Medicine ամսագրին մէջ:
Մասնագէտներու տուեալներով՝ ChAd3-MARV պատուաստի ընդամէնը մէկ ներարկումը ի վիճակի է պատուաստումէն ետք 7 օրուան ընթացքին պաշտպանողական դիմադրողականութիւն ստեղծել։ Բացի ատկէ, ուսումնասիրուող պատուաստը պաշտպանած է ոչ մարդկային «փրայմէյթ»ները, երբ անոնք ենթարկուած են մահացու «Մարպուրկ» ժահրին: Անիկա բաղկացած է «ատենոժահրային վեքթըր»էն, որ կ՛արտայայտէ Մարպուրկ ժահրի «կլայքոփրոթին» ժահրը (MARV)։
Անասունները պատուաստումէն մէկ տարի ետք պաշտպանուած մնացած են յարուցիչէն, երբ ենթարկուած են ժահրի ազդեցութեան: Հետազօտողները նաեւ յայտնաբերած են «հակաճին»ին յատուկ հակամարմիններ «փրայմէյթ»ներու արեան մէջ:
Chad3-MARV-ի ստեղծումը կը գնահատուի որպէս կարեւոր քայլ քանի մը նպատակներու իրագործման ուղղութեամբ՝ պատուաստներ «Մարպուրկ»ի բռնկումներու վտանգին տակ գտնուող շրջաններու համար եւ պաշտպանողական միջոցառումներու մշակում, եթէ ժահրը օգտագործուի «պայոթեռորիսթ«ներու կողմէ: