Քլինիքական մահ ունեցած հիւանդներ յաճախ նշած են, որ տեսած են լոյսի պայծառ շողեր եւ մութ փապուղի: Այս նիւթը գրաւած է ամբողջ աշխարհի գիտնականներու ուշադրութիւնը, եւ այս երեւոյթին վերաբերեալ շատ ուսումնասիրութիւններ կատարուած են։ Ամերիկացի մասնագէտներու վերջին հետազօտութիւններէն մէկը ներկայացուած է moyzhurnal հարթակին վրայ։
Երբ սիրտը կը դադրի բաբախելէ, կը դադրի արեան մատակարարումը դէպի ուղեղ, ինչ որ կը յանգեցնէ թթուածինի պակասի անդառնալի հետեւանքներու, կը գրէ pravda.ru-ն, որուն հետեւանքով ուղեղին կեղեւը կը սկսի վատթարանալ եւ մարդ կը կորսնցնէ իր գիտակցութիւնը: Նոյնիսկ «ինթենսիւ» վերակենդանացման միջոցառումները ի վիճակի չեն ըլլար շտկելու այս իրավիճակը։
Նիւ Եորքի համալսարանէն ամերիկացի գիտնական Սէմ Պարնիան մահուան «ֆենոմէն»ի եւ վերակենդանացման կարելիութիւններու վերաբերեալ քանի մը հետազօտութիւն կատարած է։ Անոր աշխատանքը ցոյց տուած է, որ մահուան հաստատումէն ետք մարդու գիտակցութիւնը կրնայ պահպանուիլ 20 վայրկեան եւս։
Ուղեղին կեղեւը կրնայ գործել սրտի կանգնումէն ետք՝ ելեկտրական ազդանշաններ ուղարկելով: Այս կարճ ժամանակահատուածը կեանք վերադառնալու կարելիութիւն կ՛ընձեռէ մարդուն։
Բժշկական գիտելիքներու գործնական կիրառումէն ետք, ի յայտ եկած է, որ մարմինը կրնայ վերականգնել իր գործունէութիւնը մահուընէ (սրտի կանգ) ետք 3-6 վայրկեանի ընթացքին: Քլինիքական մահէն ետք ուղեղի ելեկտրական աշխուժութիւնը աստիճանաբար կը նուազի. որոշ հատուածներ կը մահանան, միւսները կը շարունակեն գործել:
Սակայն, նոյնիսկ յաջող վերակենդանացման պարագային, կեդրոնական նեարդային համակարգի աշխատանքը կրնայ վտանգի ենթարկուիլ՝ յանգեցնելով մտածելու, քալելու, խօսելու եւ այլ ունակութիւններու կորուստին:
Ամերիկացի հետազoտողները զգայացունց բացայայտում մը ըրած են. քլինիքական մահէն ետք մարդու կեանքը կարելի է պահպանել 12 ժամուան ընթացքին։ Խոզի ուղեղին վրայ արուեստական արեան շրջանառութեան համակարգ օգտագործելու փորձի ժամանակ գիտնականները բացայայտած են, որ երբ թթուածինը եւ սննդանիւթերը կը թափանցեն դէպի մեռած հիւսուածքներ, ուղեղը աշխուժութեան նշաններ ցոյց կու տայ:
Նեարդային բջիջներ արձագանգած են գրգռիչներուն եւ արձանագրուած են տկար ելեկտրական «իմփալս«ներ ու դիմադրողական համակարգի արձագանգներ։ Ուղեղի կառուցուածքներու աշխուժութեան նշաններ նկատուած են ոչ միայն 12 ժամ անց, այլ նաեւ՝ հետազօտութեան 1.5 օրուան ընթացքին։