Մեծն Բրիտանիոյ բնակչուհի Սթեյսի Տեկլերք փրկած է վեցամսեայ զաւակին՝ Պրոուտիին, աչքի ցանցաթաղանթի ուռուցքէն, երբ անոր նկարները դիտելու ժամանակ, հիւանդութեան ախտանշաններէն մէկը յայտնաբերած է, գրած է ՌԻԱ «Նովոսթի»-ն՝ յղում կատարելով The Sun պարբերականին։
Ինչպէս պատմած է Սթեյսի, ան զաւակին նկարները դիտած ժամանակ տեսած է, որ անոր աջ աչքին մէջ սպիտակ փայլք մը կայ։ Կինը սկսած է փնտռել երեւոյթին բացատրութիւնը՝ ցանցին մէջ։
«Ամէն բան քաղցկեղի մասին կը վկայէր, բայց ես կը շարունակէի փնտռել այլ վարկածներ»,- ըսած է Սթեյսին։ Ան խոստովանած է, որ չէր փափաքեր հաւատալ ատոր եւ համոզած է ինքնիրեն, որ փայլքը սովորական արտացոլացում է։
Երբ զաւակը սկսած է վատ տեսնել, Սթեյսին անոր տարած է բժիշկին մօտ։ Հիւանդանոցին մէջ, ախտորոշած են «ռեթինոպլասթոմա»՝ աչքի ցանցաթաղանթի չարորակ ուռուցք։ Տղան ներզարկերակային «քիմոթերափի»-ի երեք «սեանս» անցած է, որուն շնորհիւ ուռուցքին չափը քիչ մը պզտիկցած է։ Բայց տղան մնացած է առանց թարթիչներու եւ յօնքերու։
«Շատ դժուար է հասկնալ՝ կա՞ն արդեօք որեւէ ախտանշաններ, յատկապէս երբ փոքրիկները այդքան փոքր են»,- ըսած է Սթեյսին։
Այժմ, տղան անընդհատ բժիշկներու հսկողութեան տակ է, մինչեւ որ աւարտի անոր հինգ տարին, քանի որ կայ կրկնուելու հաւանականութիւն։