Անցնող շաբաթներու ընթացքին տեղեկատւութիւն մը պատրաստուած էր թոքաբորբոքումի նոր բռնկումներու մասին Չինաստանի, Դանիայի, Հոլանտայի, Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգին մէջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլման կեդրոնի (CDC) կայքը կը տեղեկացնէր, որ կեդրոնին մէջ կը հետեւին «մայքօփլազմա»ի թոքաբորբոքումներու հաւանական աճի եւ ծնողներուն կը զգուշացնէր թոքաբորբոքումի կասկածի պարագային անպայման դիմել բժիշկի։
Time֊ը կը հաղորդէ․ Նոյեմբերին Չինաստանը յայտնուած էր ուշադրութեան կեդրոնը։ Ամբողջ երկրին մէջ թոքաբորբոքումի ալիք բարձրացած էր, կը հիւանդանային յատկապէս փոքրիկները։ Անոնց շրջանակին մէջ հիւանդութեան յանկարծակի աճին հետ կապուած Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը դիմած էր Չինաստանին լրացուցիչ համաճարակաբանական եւ տարրալուծարանական մանրամասնութիւններ տրամադրելու խնդրանքով՝ հասկնալու համար թէ շրջանառութեան մէ՞ջ է արդեօք նոր ախտածինը։ Պաշտօնեաներու հաղորդումով բռնկումները տակաւին շարք մը յայտնի մանրէներով պայմանաւորուած են։
Ըստ Medscape բժշկական պարբերաթերթին՝ չինացի պաշտօնեաները հիւանդութեան այս վերջին ալիքը կը վերագրեն այսպէս կոչուած դիմադրողական բացին։ Շատ փոքրիկներ, որ կրնային առնչուիլ տարածուած սովորական ախտածիններու հետ, մեկուսացուած եղած են COVID֊ի հետ կապուած սահմանափակումներու պատճառով եւ հիմա կը վարակուին սահմանափակումները մեղմացնելու հետեւանքով։ Որոշ փոքրիկներու մօտ զարգացած են թոքային հանգոյցներ, շատ մը այլ փոքրիկներու մօտ պարզապէս տեսնուած է ջերմութեան բարձրացում՝ առանց հազի։
Նոր ախտածինի մասին կասկածները կ՛անհետանան նաեւ այն փաստէն, որ հիւանդութեան պարագաները կ՛արձանագրուին հիմնականին մէջ փոքրիկներու շրջանակին մէջ, այլապէս հիւանդութիւնը կը դրսեւորուէր բոլոր տարիքային խումբերու մէջ։
Չինական լրատուամիջոցները բռնկումներու ալիքի «մեղաւոր» նկատած են Mycoplasma pneumoniae յարուցիչը։
Դանիայի պետական «սերոլոճի»ի հիմնարկը յայտարարած էր, որ երկրին մէջ «մայքոփլազմա»ով վարակը հասած է համաճարակի մակարդակի։ Փոքրիկներու շրջանակին մէջ թոքաբորբոքումի պարագաներու աճի մասին կը հաղորդեն Հոլանտայի մէջ։
Ըստ դանիացի պաշտօնեաներու համաճարակները ի յայտ կու գան մօտաւորապէս ամէն չորս տարին անգամ մը։ Ըստ չինացի «քլինիք»ներու մէջ աշխատողներու՝ նախքան COVID֊ը երկրին մէջ «մայքոփլազմա»ի բռնկումներ տեղի կ՛ունենային ամէն 3-էն 7 տարին անգամ մը։