Հնդկաստանի Պիհար նահանգի Մոթիհարի քաղաքին մէջ բժշկական անբնականոնութիւն արձանագրուած է. բժիշկները 40 օրուան մանուկի մը ստամոքսին մէջ զարգացող սաղմ յայտնաբերած են, գրած է Medical Dialogues-ը։
Ռահմանիա բժշկական կեդրոնէն բժիշկ Թապրեզ Ազիզ փոքրիկ հիւանդին որովայնի «թոմոկրաֆի» կատարած է` որովայնի ուռելուն եւ միզուղիներու գործունէութեան խանգարման պատճառը գիտնալու համար եւ ցնցում ապրած է իր տեսածէն:
Բժիշկները պարզած են, որ փոքրիկին ստամոքսին մէջ այլ սաղմ մը եւս կ՛աճի:
Բժիշկ Ազիզ բացատրած է, որ այս երեւոյթը բժշկութեան լեզուով կը կոչուի Fetus in fetu կամ սաղմը սաղմի մէջ։ Այս մէկը անբնականոնութիւն է, երբ հիւսուածքի զանգուած կայ, որ նման է պտուղի եւ սկսած է ձեւաւորուիլ այլ պտուղի մը մարմնին մէջ: Անոր խօսքով՝ այսպիսի անբնականոնութիւններ կ՛ըլլան 500 հազար ծնունդէն մէկ հատին։ Ան աւելցուցած է, որ մանուկը գործողութեան ենթարկուած են. ան առողջ է եւ արդէն դուրս եկած է հիւանդանոցէն։