Եթէ մորթին վրայ կապտուկներ դիւրութեամբ յայտնուին՝ աննշան հարուածներու հետեւանքով կամ ընդհանրապէս առանց որեւէ յայտնի պատճառի, այդ արդէն բաւարար է, որպէսզի զգուշանանք: Անշուշտ, այս ախտանիշը միշտ չի վկայեր լուրջ խնդիրներու մասին, բայց պէտք չէ անտեսել զայն:
Ահաւասիկ քանի մը պատճառ, թէ ինչո՞ւ ձեր մաշկին վրայ դիւրութեամբ կապտուկներ կը յառաջանան:
Ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթով մաշկի ախտահարում
Ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներու «ակրեսիվ» ազդեցութեամբ մաշկը կը կորսնցնէ իր առաձգականութիւնը եւ պրկութիւնը, ինչ որ կրնայ յանգեցնել այն բանին, որ կապտուկները աւելի արագ յայտնուին եւ աւելի նկատելի դառնան:
Դեղեր առնելը
Որոշ դեղեր, այդ շարքին՝ «ասփիրին»-ը, «սթերոիտ»-ները եւ «հակաքոակուլանթ»-ները, կրնան դանդաղեցնել արեան մակարդումը: Եթէ այս դեղերը ստանալու ժամանակ պատահաբար հարուած մը ստանաք, ապա կապտուկները, ամենայն հաւանականութեամբ, արագ կը յայտնուին եւ սովորականէն աւելի դանդաղ կ՛անցնին:
Ծանրութիւն բարձրացնելը
Ծանրութիւն բարձրացնելու հետեւանքով կրնան պայթիլ մկանային մանրաթելերը, ինչ որ կը դրսեւորուի կապտուկներու տեսքով:
Ժառանգականութիւն
Արեան անօթներու վիճակը, մաշկի առաձգականութիւնը եւ բարակութիւնը կապուած են մեր ժառանգականութեան հետ: Եթէ ձեր ծնողներու մաշկին դիւրութեամբ կապտուկներ կը յառաջանան, ամենայն հաւանականութեամբ, ձեր մօտ ալ այդպէս կ՛ըլլայ:
Հիւանդութիւններ
Կապտուկները կրնան նաեւ վկայել այնպիսի հիւանդութիւններու մասին, ինչպէս՝ «արթրիտ»-ը, արեան մակարդումի խանգարումները կամ նոյնիսկ արեան քաղցկեղը, ինչպէս նաեւ լեարդի «փաթոլոկիա»-ն՝ ներառեալ «սիռոսիս»-ը: