Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կանխարգելիչ առողջութեան ոլորտի մասնագէտներու յառաջատար խումբը բժիշկներուն յանձնարարած է 19-էն 65 տարեկան բոլոր հիւանդները քննել տագնապային խանգարումի համար։
Ներկայիս գոյութիւն ուենցող տուեալները ցոյց կու տան, որ տագնապի «սքրինինկ»ը կրնայ օգնել այս հիւանդներուն հոգեկան հանգստութիւն գտնելու համար, ըսուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Կանխարգելիչ ծառայութիւններու թիրախային խումբի (USPSTF) ուղեցոյցներուն մէջ, որոնք հրապարակուած են Ամերիկեան բժշկական միութեան ամսագրին մէջ (Journal of the American Medical Association)։
«Թիրախային խումբը բացայայտած է, որ 19-էն 64 տարեկան հիւանդներու մօտ, որ մենք կ՛անուանենք չափահաս բնակչութիւն, կան տագնապի ախտանիշներու նուազման համոզիչ ապացոյցներ։ Նշուած է նաեւ կեանքի ընդհանուր որակի բարելաւման մասին»,- ըսած է USPSTF-ի փոխնախագահ, բժիշկ Մայքլ Սիլվըրսթայն: Թիրախային խումբը կրկնած է նաեւ իր հին առաջարկը՝ որ մեծերը կանոնաւոր կերպով «տիփրեսշընի սքրինինկ» պէտք է կատարեն:
Մասնագէտները նաեւ նշած են, որ իրենք ներկայիս չեն կրնար յանձնարարել կանոնաւոր «սքրինինկ»՝ անձնասպանութեան վտանգի համար, թէեւ այդ մէկը չափահասներու շրջանակին մէջ մահացութեան հիմնական պատճառն է։ Համավարակը ընդգծած է հոգեկան առողջութեան կարեւորութիւնը ամերիկացիներու համար, ըսած է Ամերիկեան հոգեբուժական ընկերութեան (APA) նախագահ, բժիշկ Պետրոս Լեւունիս:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան համաձայն, 2022 թուականի գիտական ամփոփման՝ տագնապի եւ «տիփրեսշըն»ի համաշխարհային տարածուածութիւնը համավարակի առաջին տարուան մէջ բարձրացած է 25 առ հարիւրով։
Մայիսին APA-ի կատարած հարցազրոյցը ցոյց տուած է, որ ամերիկացիներու 37 առ հարիւրը իրենք զիրենք այս տարի աւելի անհանգիստ զգացած են, քան նախորդ տարուան նոյն ժամանակ, ինչ որ 5 առ հարիւրով աւելի է: