Եւրոպական երկիրներու մէջ աշխուժօրէն սկսած են տարածուիլ ձմեռնային ժահրերը։ Առողջապահութեան համակարգերը, ինչպէս կ՛ըսեն բժշկական հաստատութիւններու մէջ, կը հանդիպին հիւանդութիւններու «եռակի սպառնալիքին», տեղեկացուցած է Euronews-ը։
«Ձմեռնային ժահրերու ազդեցութիւնը առողջութեան, ընկերային ոլորտին եւ տնտեսութեան վրայ հսկայական է», – Euronews Health-ին յայտնած է Ժընեւի համալսարանի Համաշխարհային առողջապահութեան հիմնարկի տնօրէն Անթուան Ֆլահոլդը:
«Այս վարակներու լուրջ ձեւերը, նոյնիսկ հազուադէպ վարակները, հաշուի առնելով եղանակային համաճարակներու մաշտապները, էապէս կը նպաստեն համաճարակի ժամանակ հիւանդանոցներու ծանրաբեռնումին», – աւելցուցած է ան:
Եւրոպական շնչառական ժահրերու հսկողութեան ամփոփագրին (ERVISS) համաձայն՝ բժիշկներուն այցելող մարդոց թիւը Եւրոպական միութեան եւ Եւրոպական տնտեսական գօտիին մէջ տարուան այս եղանակին կը մնայ ակնկալուող մակարդակի մէջ: Միաժամանակ կարգ մը երկիրներու մէջ կը նկատուի ժահրային աշխուժութեան աճ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պոսթընի մանկական հիւանդանոցի բորբոքումի հիւանդութիւններու բաժանմունքի աւագ բժիշկ Ռիք Մելին ըսած է, որ տակաւին կանուխ է յստակ ըսել, թէ ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ այս տարին: Այնուամենայնիւ, անոր խօսքով, COVID-19 համավարակը խաթարած է շնչառական հիւանդութիւններու, ինչպէս՝ «կրիփ»-ի եւ շնչառական «սինսիշիալ» ժահրի (RSV), բնորոշ տարածումը:
«Չնայած չեմ կարծեր, որ եռակի համաճարակ կ՛ըլլայ, կարելի է, որ դուք ունենաք RSV, այնուհետեւ «կրիփ», որ կրնայ որեւէ ժամանակ աճիլ COVID-ի պատճառով»:
«Կրիփ»-ը վարակիչ շնչառական հիւանդութիւն է, որ կը յառաջանայ անոր ժահրերով եւ կը յառաջացնէ ախտանշաններ, ինչպէս՝ տաքութիւն եւ հազ, իսկ կարգ մը ծանր պարագաներու կրնայ յանգեցնել մահուան:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) տուեալներով՝ եղանակային «կրիփ»-ի համաճարակները հիմնականին մէջ տեղի կ՛ունենան ձմրան բարեխառն կլիմայական գօտիներու մէջ, մինչդեռ «կրիփ»-ը կրնայ անկանոն բռնկումներ յառաջացնել արեւադարձային շրջաններու մէջ:
Ըստ ERVISS-ի՝ Նոյեմբերի վերջաւորութեան «կրիփ»-ը ցած մակարդակով շրջանառութեան մէջ էր Եւրոմիութեան եւ Եւրոպական տնտեսական գօտիի երկիրներու մէջ, սակայն կարգ մը այլ երկիրներու մէջ արձանագրուած է աճ։
Այլ ձմեռնային հիւանդութիւն մը, որ կը տարածուի Եւրոպայի մէջ, շնչառական «սինսիշիալ» ժահրն է կամ RSV-ը՝ սովորական ժահր, որ կը յառաջացնէ հարբուխի նման ախտանշաններ, բայց կրնայ վտանգաւոր ըլլալ նորածիններու եւ մեծերու համար:
Առողջապահական մարմիններու տուեալներով՝ այս տարի Եւրոպայի մէջ սկսած է RSV-ի համաճարակ, եւ դրական քննութիւններու թիւը աճած է:
Հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ վերահսկումի եւրոպական կեդրոնը (ECDC) իր վերջին զեկուցումին մէջ նախազգուշացուցած է, որ բոլոր երկիրները պէտք է պատրաստ ըլլան յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին RSV-ի աշխուժութեան աճին:
Ըստ ECDC-ի՝ RSV-էն ամենէն աւելի կը տուժեն փոքրիկները, թէեւ վտանգ կայ նաեւ տարեց մարդոց համար:
Ընդհակառակը, COVID-19-ի պարագաները կը նուազին: Ըստ ECDC-ի՝ COVID-19-ով հիւանդանալու մակարդակը աւելի ցած եղած է կամ նման է 2023 տարուան այս եղանակին:
«COVID-ի վրայ եղանակները աւելի քիչ կ՛ազդեն, քան շնչառական այլ ժահրերը, քանի որ անիկա շրջանառութեան մէջ կ՛ըլլայ ամբողջ տարուան ընթացքին յաջորդական ալիքներով»,- ըսած է Անթուան Ֆլահոլդը:
«Հետեւաբար, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ անոնցմէ մէկը կը համընկնի եղանակային «կրիփ»-ի կամ «պրոնքիոլիթ»-ի (RSV) համաճարակի հետ»:
Ռիք Մելին աւելցուցած է, որ կան նաեւ այլ շնչառական ժահրեր, ինչպէս՝ «փարակրիփ»-ը, «մեթանիւմոժահր»-ը կամ «ատենոժահր»-երը, սակայն COVID-19-ը, «կրիփ»-ը եւ RSV-ն ուշադրութիւն կը գրաւեն, որովհետեւ անոնք յաճախ կրնան աւելի ծանր ըլլալ, քան միւս ժահրերը:
Նորոժահրը, որ կը յառաջացնէ փսխուք եւ փորհարութիւն, այլ ժահր մըն է, որ կը տարածուի ձմրան եւ գարնան:
Այս ժահրերը կը փոխանցուին մարդաշատ եւ վատօրէն օդափոխուող տարածքներու մէջ, եւ այդ կրնայ բացատրել, թէ ինչո՞ւ անոնք աւելի յաճախ շրջանառութեան մէջ կ՛ըլլան ձմրան, ըսած է Ֆլահոլդը:
«Մենք աւելի շատ ժամանակ կ՛անցընենք սենեակներու մէջ ու աւելի քիչ կը բանանք պատուհանները»,- ըսած է ան:
«Օդի մանրէաբանական որակի բարելաւումը սենեակներու մէջ եւ FFP2 դիմակներ կրելը կրնան նաեւ օգնել կանխելու բոլոր շնչառական մանրէներու շրջանառութիւնը, ինչպէս՝ COVID-19-ը, «կրիփ»-ը, RSV-ը, ջրծաղիկը, կարմրուկը, կապոյտ հազը եւ թոքախտը», – աւելցուցած է Ֆլահոլդը:
«Պատուաստումը ամենէն արդիւնաւէտ միջոցներէն մէկն է՝ պաշտպանելու բնակչութիւնը ծանր խոցելի հիւանդութիւններէ, հիւանդանոցային բուժումէ եւ մահէ»,- ըսած է ECDC-ի գլխաւոր գիտական տնօրէն Փիթր Քրամարժը Euronews Health-ին:
«Քանի որ շատ երկիրներ տակաւին հեռու են թիրախային խումբերու համապատասխան պաշտպանութեան հասնելէն, շատ կարեւոր է բարձրացնել եղանակային «կրիփ»-ի եւ COVID-19-ի դէմ պատուաստումները, որովհետեւ ձմեռնային եղանակը արդէն սկսած է», – աւելցուցած է Քրամարժը:
ECDC-ն նաեւ կը յանձնարարէ մարդոց մնալ տունը, եթէ անոնք ունին շնչառական ախտանշաններ, յաճախակի լուալ ձեռքերը եւ օդափոխել սենեակները:
«Ցաւալի ճշմարտութիւնը այն է, որ COVID-ը մեզի պարզապէս կը յիշեցնէ պարզ միջոցներու կարեւորութեան մասին, որոնք իրականութեան մէջ կրնան նուազեցնել ժահրը՝ զգայուն կամ խոցելի մարդոց փոխանցելու վտանգը»,-ըսած է Ռիք Մելին Պոսթընի մանկական հիւանդանոցէն:
Կարեւոր է պահպանել մաքրութիւնը՝ լուալով ձեռքերը, ժամանակ յատկացնելով մաքուր օդին զբօսնելուն, երբ հիւանդ էք, ու խուսափելով խոցելի մարդոցմէ:
ԱՀԿ Եւրոպական կազմակերպութիւնը նաեւ կը յանձնարարէ դիմակ կրել կարգ մը իրավիճակներու պարագային։ Օրինակ, եթէ դուք կը գտնուիք ծանր COVID-19-ի վտանգին տակ կամ կը կասկածիք, որ ունիք COVID-19: Այս պարագային կարեւոր է հոգ տանիլ այլ մարդոց առողջութեան մասին: