Մարդոց եւ շատ կաթնասուններու մօտ սկսած է այլասերիլ Y արական սեռական քրոմոզոմը: Մարդիկ կրնան գոյատեւել առանց ատոր, կը յայտնեն Թոքիոյի Սեթակայա-քուի փոքրիկներու առողջութեան եւ զարգացման ազգային հետազօտական հիմնարկի գիտնականները: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են PNAS ամսագրին մէջ:
Կաթնասուններու մեծ մասը ունի երկու սեռական քրոմոզոմ ՝ X եւ Y: Էգերը կը կրեն XX հաւաքածօն, իսկ արուները՝ XY: Y քրոմոզոմը կը կրէ SRY «ճին»երը, որոնք կ՛օգնեն սաղմին մէջ արական սեռական օրկաններու զարգացման, ինչ որ կը յանգեցնէ արուի ծնելուն։
Որոշ անասուններու մօտ Y քրոմոզոմը կը կորսնցնէ իր «ճին»երուն մէկ մասը եւ ամբողջովին կ՛անհետանայ, կ՛ըսեն գիտնականները: Նոյնն ալ տեղի կ՛ունենայ մարդու պարագային։
Հետազօտողները բացայայտած են, որ փշոտ մուկներու Y «ճին»երու մեծ մասը տեղափոխուած է այլ քրոմոզոմներ եւ եզրակացութիւն՝ SPY «ճին»ը անհետացած է. ատոր գործառոյթը սկսած է կատարել SOX9 «ճին»երու հաւաքածօն։
«Մարդոց մօտ նոյնպէս կը նուազի Y քրոմոզոմը. այդ անխուսափելի է եղաշրջումի տեսանկիւնէն։ Այստեղէն հարցում մը կը յառաջանայ, թէ ինչպէ՞ս մենք պիտի ծննդաբերենք տղայ զաւակ։ Այդ կրնայ յանգեցնել մարդկութեան աւարտին: Պարզ է, որ ինչպէս միւս տեսակները, մենք կրնանք նոր «ճին»եր մշակել, բայց ինչ կ՛ըլլայ, եթէ ամբողջ աշխարհի մէջ այդ «ճին»երը տարբեր ըլլան: Այդ կրնայ յանգեցնել մարդոց նոր տեսակներու ի յայտ գալուն»,- բացատրած են հետազօտողները: