Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կը մեկնարկուի մարդու մարմնի «սքէնինկ»ի աշխարհի մեծագոյն նախագիծը: 60 հազար կամաւորներու ուղեղը եւ մարմինները, որոնք արդէն իսկ անցած են այդ ընթացակարգը, դարձեալ պէտք է «սքէնինկ» կատարեն՝ հիւանդութիւններու բուժման եւ կանխարգիլման նոր միջոցներ գտնելու համար:
Օրկանիզմի ծերացման ուսումնասիրութիւնը կրնայ օգնել կանխատեսելու «տիմենշիա»ի կամ քաղցկեղի տարբեր տեսակներու զարգացման հաւանականութիւնը, hաղորդած է BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը:
Հետազօտութիւնը արդէն յանգեցուցած է «ճենեթիք թեստ»ի ստեղծման այն մարդոց համար, որոնք ծնած են սրտանօթային հիւանդութեան բարձր վտանգով:
Բոլոր կամաւորները UK Biobank նախագիծի անդամներ են, եւ աւելի քան 90 երկիրներու հետազօտողներ կ՛օգտագործեն այս տուեալները՝ առողջապահական հետազօտութիւններու համար:
Ունենալով high resolution MRI պատկերներու երկու հաւաքածօ եւ հազարաւոր մարդոց ոսկրային խտութեան տուեալները, որոնք կատարուած են քանի մը տարուան տարբերութեամբ, կարելի է հսկայական նոր կարելիութիւններ ստեղծել այնպիսի հիւանդութիւններու յայտնաբերման եւ կանխարգիլման համար, ինչպէս՝ «տիմենշիա»ն, քաղցկեղը եւ սրտի հիւանդութիւնները:
«Հետազօտողները կրնան դիտարկել օրկաններու փոփոխութիւնները ծերացման հետ մէկտեղ, ինչ որ կ՛օգնէ հիւանդութիւններու «պայոմարքըր»ներու մշակման. կարելի է՝ ախտանիշներու ի յայտ գալէն եւ քլինիքային ախտորոշումէն շատ տարիներ առաջ»,-ըսած է նախագիծի ղեկավար, փրոֆեսոր Նաոմի Ալլեն:
Բացի ատկէ, ուսումնասիրութիւնը կը ստեղծէ բազմաթիւ այլ հաւանական արդիւնքներ:
Այսպէս, անիկա կրնայ բացայայտել, թէ ով աւելի լաւ կ՛արձագանգէ բուժման եւ ինչո՞ւ որոշ մարդիկ աւելի դիմացկուն են որոշ հիւանդութիւններու նկատմամբ, յայտնած է Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի UK Dementia Research հետազօտական կեդրոնի ղեկավար եւ UK Biobank-ի «վիժուըլիզէյշըն»ի հարցերով աշխատանքային խումբի նախագահ, փրոֆեսոր Փոլ Մեթիւս։
Ի՞նչ է UK Biobank-ը
Առաջին անգամ գործարկուած է 2006 թուականին։ UK Biobank նախագիծը պէտք է ըլլար ազգի առողջութեան ամէնէն լայն ուսումնասիրութիւնը:
Ատոր մասնակցած են կէս միլիոն մարդիկ, որոնք կատարած են բժշկական հետազօտութիւն, պատասխանած են առողջութեան եւ ապրելակերպի վերաբերեալ հարցումներու, յանձնած են «ճենեթիք»ական նմուշներ, որոնք կը պահպանուին եւ կ՛ուսումնասիրուին տասնամեակներ շարունակ: Բոլոր մասնակիցներու մօտ «ճենոմի սիքուընսինկ»ը կատարուած է՝ անոնց ամբողջ DNAը։
2014ին սկսած է ծրագրի «վիժուըլիզէյշըն»ը։
Նախագիծը արդէն կ՛օգտագործուի ժամանակակից բժշկութեան մէջ։