Մեծն Բրիտանիոյ մէջ մեկնարկուած է £42 միլիոն արժողութեամբ Transform «սքրինինկ»ային փորձարկումը, որուն նպատակն է յեղաշրջել շագանակագեղձի քաղցկեղի բուժման ձեւը, յայտնած է The Guardian-ը։
Սկզբնական հանգրուանին, որ կը սկսի քանի մը ամիսէն, պիտի ներգրաւուին հազարաւոր տղամարդիկ։ Կազմակերպիչներուն համաձայն, հաւանական է, որ հարիւր հազարաւոր կամաւորներ հաւաքագրուին յառաջիկայ տարիներուն ծրագրի իրագործման զուգընթաց:
«Transform-ի նպատակը յստակ է»,- ըսած է Մեծն Բրիտանիոյ շագանակագեղձի քաղցկեղի հետազօտութեան հիմնարկի տնօրէն՝ բժիշկ Մեթիու Հոպսը: – Մենք կը փափաքինք գտնել ամենէն արդիւնաւէտ եւ ամենէն նուազ վնասակար մեթոտները՝ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ չափահաս տղամարդոց շրջանակին մէջ շագանակագեղձի քաղցկեղը կանուխ փուլին յայտնաբերելու համար»:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ իւրաքանչիւր ութերորդ տղամարդու պարագային շագանակագեղձի քաղցկեղ կը յառաջանայ եւ ամէն տարի այս հիւանդութենէն կը մահանայ մօտաւորապէս 12,000 տղամարդ: Այնուամենայնիւ, ներկայիս չկայ «սքրինինկ»ային ծառայութիւն, որ կրնայ ճշգրիտ յայտնաբերել շագանակագեղձի քաղցկեղը կանուխ, բուժելի փուլին: Ախտանշանները յաճախ ի յայտ կու գան միայն քաղցկեղի տարածումէն եւ անբուժելի դառնալէն ետք: