Հաստ աղիքի մեռնող քաղցկեղային բջիջները կը յառաջացնեն ազդանշանային «մոլեքիւլ»ներու արտադրութիւն, որոնք կը բարձրացնեն մնացեալ ուռուցքային բջիջներու գոյատեւման կարելիութիւնները, բացայայտած են Մայնի Ֆրանքֆորթի Կէօթէի համալսարանի գիտնականները: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Nature ամսագրին մէջ։
Կենսաբանները ուսումնասիրած են այն գործընթացները, որոնք տեղի կ՛ունենան, երբ «քիմօթերափի»ի դեղերը կը սպաննեն հաստ աղիքի քաղցկեղի բջիջները։ Բացայայտուած է, որ մեռնելով՝ ատոնք կ՛արձակեն ATP (ատինոզին թրայֆոսֆէյթ) «մոլեքիւլ»ներ։
Այնուհետեւ, կ՛աշխուժանայ կարեւոր ազդանշանային ուղի, որ կը պաշտպանէ քաղցկեղի բջիջները մահէն եւ ուռուցքը կը դարձնէ դիմացկուն «թերափի»ի հանդէպ: Գիտնականները նաեւ ցոյց տուած են, որ եթէ մեռնող ուռուցքային բջիջներու եւ անոնց «դրացի»ներուն միջեւ կապը կ՛ընդհատուի, այդ յաճախակի ձեւով կը բարձրացնէ «քիմօթերափի»ի արդիւնաւէտութիւնը:
Ուսումնասիրութեան հեղինակները կը յայտնեն, որ իրենց յայտնագործութիւնը հետագային կը բարձրացնէ քաղցկեղի «թերափի»ի արդիւնաւէտութիւնը։