Ալքոլը՝ լեարդին միակ թշնամին չէ: Կարգ մը անվնաս կարծուող սովորութիւններ կրնան նոյնքան վնաս հասցնել լեարդին:
Վիթամիններ ստանալը
Շատեր կը կարծեն, որ վիթամիններու յաւելումներ օգտագործելով՝ լաւ բան կ՛ընեն իրենց առողջութեան համար: Սակայն, վիթամին A-ի եւ վիթամին B3-ի բարձր քանակը բացասաբար կ՛ազդէ լեարդին վրայ: Այդ իսկ պատճառով, մասնագէտները կը յանձնարարեն օգտակար նիւթերը սնունդէն ստանալ։ Հետեւաբար, սննդակարգը կարելի եղած չափով այլազան պէտք է ըլլայ:
Դեղերը
Լեարդը՝ ինչպէս ալքոլէն, այնպէս ալ դեղերէն յառաջացող «թոքսին»-ներէն կրնայ քայքայուիլ: Պարբերաբար դեղեր ստացող մարդիկ իրենց լեարդը վնասելու վտանգին կը դիմեն: Եթէ դեղորայքային բուժման ընթացքին սկսիք ցաւ զգալու որովայնի վերին մասին մէջ, անպայման դիմեցէք բժիշկի: Նոյնիսկ շատ «տարածուած» դեղերը, ինչպէս՝ «փարասեթամոլ»-ը, կրնան վնասել լեարդը:
Աւելորդ կշիռք
Շատեր կը թերագնահատեն լեարդին վրայ իրենց աւելորդ կշիռքին կործանարար ազդեցութիւնը: Մինչդեռ այդ մէկը կրնայ նշանակել, որ աւելորդ ճարպը կը կուտակուի նաեւ անոր բջիջներուն մէջ, ինչ որ ժամանակի ընթացքին կրնայ վերածուիլ «ֆիպրոզ»-ի եւ «սիռոզ»-ի: Առօրեայ կեանքին մէջ կարեւոր է վերահսկել այն սովորութիւնները, որոնք կը յանգեցնեն գիրութեան:
Սէրը պտուղներու հանդէպ
Ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մեծ քանակութեամբ պտուղներու մէջ գտնուող շաքարի (ֆրիւքթոզ) սպառումը կը բարձրացնէ լեարդի ճարպակալումը: Այն պարագային, երբ շատ մարդիկ իրենց սննդականոնին մէջ կը փորձեն խուսափիլ ճարպերէն եւ ածխաջուրերէն, անոնք կրնան ուշադրութիւն չդարձնել իրենց կողմէ օգտագործուող պտուղներու քանակին: Նման բան շատ սխալ է։