Տարբեր մարդիկ կրնան տարբեր ձեւով արձագանգել նոյն ուտելիքներուն, այդ պատճառով բոլորին համար յարմար ընդհանուր սննդականոն պարզապէս գոյութիւն չունի:
Մասնագէտները մշակած են մէզի 5 վայրկեաննոց քննութիւն մը, որ կրնայ որոշել, թէ արդեօք անհատին կը համապատասխանէ՞ այն սննդականոնը, որուն ան կը հետեւի: Ապագային այդ մէկը կրնայ օգնել ընտրելու անհատական սննդականոններ, որոնք կը համապատասխանեն նիւթափոխանակութեան տարբեր առանձնայատկութիւններով մարդոց:
Նոր քննութեան մշակումը կը նկարագրուի 2 հետազօտութեան մէջ, որոնք կատարած է Լոնտոնի Կայսերական քոլէճի գիտնականներու խումբը, եւ որոնք հրապարակուած են Nature Food-ի մէջ:
Սկիզբը գիտնականները հաւաքած են մօտաւորապէս 2000 մարդոց մէզի նմուշները: Ատոնց մէջ անոնք փնտռած են նիւթափոխանակութեան 46 տարբեր արտադրութիւն, որոնք կապուած են ոչ ճիշդ սնունդի հետեւանքով յառաջացած տարբեր խնդիրներու հետ:
Հեղինակները նաեւ գնահատած են ուսումնասիրութեան մասնակիցներու սննդակարգը: Ուսումնասիրելով մէկ օրուան մէզի տարրալուծութիւնը՝ անոնք կրցած են մարդոց սննդակարգը համադրել այն բանի հետ, թէ նիւթափոխանակութեան ժամանակ օրկանիզմին մէջ յառաջացած ինչպիսի՞ նիւթեր կ՛արտադրեն անոնք:
«Առողջ սննդակարգ ունեցող մարդոց մէզին մէջ, նիւթափոխանակութեան ժամանակ, օրկանիզմին մէջ յառաջացած նիւթերը կը տարբերին անոնցմէ, որոնք կարելի է յայտնաբերել ամէնէն վատ սննդակարգ ունեցող մարդոց մէզին մէջ»,- New Atlas-ին ըսած է հետազօտութեան համահեղինակ Փոլ Էլիոթ:
Գիտնականները՝ ստացած տուեալները օգտագործած են քննութիւն-համակարգ ստեղծելու համար, որ կարելի է օգտագործել դարմանատնային կիրառարութեան մէջ: Անոնք զայն անուանած են «Սննդականոնային «մեթապոլիզմ»-ի աստիճանացոյց» (Dietic Metabotype Score (DMS)): Հետազօտութեան մասնակցած են 19 կամաւոր:
Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը կ՛առանձնացնէ սնունդի 4 տեսակ՝ շատ առողջ սննդակարգէն մինչեւ շատ վատառողջը: Կամաւորները ատոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ ծախսած են առնուազն 3 օր: Միաժամանակ, գիտնականները պարբերաբար DMS քննութեան միջոցով ուսունասիրած են անոնց մէզը:
Նոր աստիճանացոյցով բարձր ցուցանիշները վկայած են այն մասին, որ մասնակիցները ներկայիս կը հետեւին առողջ սննդակարգին: Սակայն, որոշ պարագաներուն, քննութիւն-համակարգը տարբեր արդիւնքներ տուած է այն մարդոց համար, որոնք ստացած են միեւնոյն սնունդը: Գիտնականները կը կարծեն, որ նման պարագաներուն, անհրաժեշտ են աւելի յատուկ սննդային միջամտութիւններ, որպէսզի գտնուի մարդու համար համապատասխան սննդականոն։