Հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ մէզի քննութիւն մը կրնայ զանազանել դանդաղ աճող շագանակագեղձի քաղցկեղը անոր «ակրեսիվ» տեսակէն:
Այս տեղեկատուութիւնը կը նպաստէ, որ բժիշկները աւելի քիչ շագանակագեղձի ոչ անհրաժեշտ «պայոփսի» պահանջեն. այս մասին յայտնած են JAMA Oncology ամսագրին մէջ հրապարակուած յօդուածի մը հեղինակները:
Ինչպէս պարզած են գիտնականները, 20 տարի առաջ բժիշկները կը բուժէին շագանակագեղձի որեւէ յայտնաբերուած քաղցկեղ։ Այնուամենայնիւ, այս ուռուցքին վերաբերեալ հետազօտութիւնները առաջնորդած են գիտնականները՝ վերանայելու իրենց «մարտավարութիւն»ը. այժմ յաճախ կը յանձնարարուի բուժել միայն արագ աճող շագանակագեղձի քաղցկեղը: Ուռուցքին ձեւը որոշելու համար կ՛օգտագործուի «պայոփսի»՝ շագանակագեղձի հիւսուածքի վերլուծում։ Այս քննութեան համար կենսանիւթի մէկտեղումը կապուած է անյարմարութեան եւ վարակներու վտանգի հետ:
MPS2 նոր քննութիւնը (myProstatesCore2.0) հիմնուած է տղամարդու մէզի նմուշին մէջ «պայոմարքըր»ներու փնտռտուքին վրայ: 800 նմուշներու վրայ փորձարկումը ցոյց տուած է, որ քննութիւնը գրեթէ 100 առ հարիւր ճշգրիտ է քաղցկեղի «ակրեսիվ» ձեւերը բացառելու հարցին մէջ: Այս կը նշանակէ, որ եթէ տղամարդը բացասական արդիւնք կ՛ունենայ այս քննութենէն, ապա մեծ հաւանականութիւն կայ, որ ան «ակրեսիվ» քաղցկեղ չ՛ունենայ։
Հետազօտութիւնը նաեւ ցոյց տուած է, որ այս քննութիւնը կը խուսափի (մինչեւ 41 առ հարիւր) անտեղի «պայոփսի»ներէն:
Քննութիւնը կը ներառէ 18 «պայոմարքըր»ներու վերլուծում՝ սպիտակուցներ, որոնք կ՛արտադրուին շագանակագեղձի քաղցկեղի բջիջներու 18 տարբեր «ճին«երու կողմէ: Զայն զարգացնելու համար գիտնականները վերլուծած են աւելի քան 58 հազար «ճին»։