Որոշ մարդոց պարագային մէջքի ցաւը կապուած է միջողնաշարային սկաւառակներու կառուցուածքին մէջ մեծ քանակութեամբ յատուկ «բալբ» բջիջներու առկայութեան հետ: Այս եզրակացութեան յանգած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Cedars-Sinai բժշկական կեդրոնի գիտնականները։ Անոնք բաժնեկից դարձած են իրենց արդիւնքներով Science Translational Medicine (STM) ամսագրին մէջ:
Ոսկորները, որոնք կը կազմեն ողնաշարը, ցրուած են «ժել»ով լեցուած բարձիկներով, որոնք յայտնի են որպէս միջողնաշարային սկաւառակներ: Անոնք կը գործեն որպէս ցնցող կլանիչներ՝ ապահովելով կայունութիւն վազելու, քալելու եւ ցատկելու ժամանակ, ինչպէս նաեւ կը նպաստեն ողնաշարի շարժունակութեան եւ ճկունութեան: Այս «ժելանման» շերտը կը պարունակէ քանի մը տեսակի բջիջներ, այդ շարքին՝ «բալբըս»։ Հետազօտողները բացայայտած են, որ ատոնց մեծ քանակութիւնը կապուած է մէջքի ցաւի հետ:
Փաստը այն է, որ այս «ցաւային» բջիջները կրնան շփում ունենալ «նիւրոն»ներու հետ «աքսոն»ներու միջոցով՝ երկար «ֆայպրըս» գործընթացներ, որոնց ընթացքին նեարդային ազդակները բջիջէն կը շարժին դէպի մարմնի այլ օրկաններ եւ հիւսուածքներ:
Բջիջային «քալչըր»ի մէջ հետազօտողները առողջ բջիջները ենթարկած են այնպիսի պայմաններու, որոնք կ՛ընդօրինակեն միջողնային սկաւառակի «տիճենըրէյշըն»ը, ներառեալ բորբոքումը, «օքսիտացումը», ձգումը, թթուածինի պակասը եւ սեղմումը: Հետազօտողները կրցած են զանոնք վերածել ցաւի հետ կապուած բջիջներու ենթատեսակի: Այնուհետեւ արհեստականօրէն աճեցուած բջիջներուն աւելցուած են նիւրոններ։ Ցաւողներու հետ շփում ունենալով նեարդային բջիջները «աքսոն»ներ աճեցուցած են: Այս կապի շնորհիւ «բալբային» բջիջները կը դառնան ունակ ուղարկելու «իմփալս»ներ, որոնք մարդու կողմէ կ՛ընկալուին որպէս մէջքի ցաւ։ Կը նկատուի, որ երբ «նիւրոն»ները «աւելցուած» են միջողնաշարային սկաւառակի այլ տեսակի բջիջներուն, ատոնք «աքսոն»ներու աճ չեն արձանագրած:
Հետազօտութեան հեղինակները յոյս ունին, որ իրենց յայտնագործութիւնը կը յանգեցնէ բուժման նոր մեթոտներու մշակման, որոնք հիմնուած են բալբային «վատ» բջիջներու ճնշման վրայ՝ մէջքի ցաւը թեթեւցնելու համար: