Առողջաբանութեան համաշխարհային խորհուրդը (Global Hygiene Council, GHC) Հոկտեմբեր 15-ին, «Ձեռքերը լուալու համաշխարհային օր»ը, կոչ ուղղած է ներդրումներ կատարել՝ ձեռքերու լուացման կրթութեան մէջ՝ ձեռքերու համընդհանուր առողջաբանութիւնը ապահովելու, հիւանդութիւնները կանխելու եւ կեանքեր փրկելու համար: 2022ի կարգախօսն է․ «Միանանք յանուն ձեռքերու համընդհանուր առողջաբանութեան»:
Ձեռքերը օճառով լուալը վարակիչ հիւանդութիւններու դէմ պայքարելու կարեւորագոյն միջոցներէն մէկն է։ Այս միջոցը տնտեսական առումով աւելի արդիւնաւէտ է, քան հանրային առողջապահութեան մարզի այլ միջոցառումներ:
Ձեռքերը լուալը բազմաթիւ ընկերային-տնտեսական առաւելութիւններ ունի, իբրեւ լրացում հիւանդութիւններու նուազեցման: Օրինակ՝ աշխատանքի արտադրողականութեան բարձրացում եւ առողջապահական ծախսերու կրճատում:
«Հայճին»ի եւ ձեռքերու լուացման նպատակներու եւ միտումներու մասին
COVID 19-ի համավարակի սկիզբը ձեռքերը լուալու միջոցներու հասանելիութիւնը, կրթութիւնը եւ ֆինանսաւորումը բաւարար չէին։ Մասնաւորաբար, աշխարհի բնակչութեան 30 առ հարիւրը չուներ ձեռքերը օճառով եւ ջուրով լուալու միջոցներ, իսկ բժշկական հաստատութիւններու գրեթէ կէսին (43 առ հարիւրը) խնամքի բաժնին մէջ չկային ձեռքերու «հայճին»ի տարրական միջոցներ:
COVID-19 համավարակէն ի վեր արդէն ջանքեր գործադրուած են «հայճին»ի սովորութիւնները բարելաւելու ուղղութեամբ։ Սակայն, ըստ Առողջապահութեան ամաշխարհային ազմակերպութեան, կայուն զարգացման նպատակներով ՄԱԿ-ի կողմէ սահմանուած «հայճին»ի չափանիշներուն հասնելու համար ջանքերը պէտք է քառապատկուին:
Եթէ ներկայիս միտումները պահպանուին, ապա մինչեւ 2030 թուական 1,9 միլիառ մարդ նախկինին պէս տան մէջ ձեռքերը լուալու հիմնական միջոցներու անբաւարարութիւն կ՛ունենայ:
Հետազօտութիւնները ցոյց կու տան, որ ձեռքերը լուալու պետական ծրագիրները կրնան զգալի տնտեսական արդիւնք բերել՝ զգալիօրէն գերազանցելով ներդրումներու եկամտաբերութիւնը: Օրինակ, հետազօտութիւններէն մէկը ցոյց կու տայ, որ Հնդկաստանի մէջ ձեռքերը լուալու պետական ծրագիրը կրնայ ներդրումներու 92-ապատիկ վերադարձ բերել:
«Հաւաքական ջանքեր անհրաժեշտ են»
Առողջաբանութեան համաշխարհային խորհուրդը առողջապահական մարմիններուն կոչ կ՛ուղղէ առաջնահերթ ուշադրութիւն յատկացնել ձեռքերու «հայճին»ին՝ վարակներու կանխարգիլման համար։
Առողջաբանութեան համաշխարհային խորհուրդի նախագահ, փրոֆեսոր Էլիզապէթ Սքոթ կը բացատրէ. «GHC-ը հանդէս կու գայ «հայճին»ի, յատկապէս ձեռքերը լուալու օգտին, որպէս վարակներու կանխարգիլման կարեւորագոյն միջոցներէն մէկը: Անպատասխանատու է, որ 21-րդ դարուն մէջ միլիառաւոր մարդիկ ամբողջ աշխարհի մէջ տակաւին կարելիութիւն չունին օճառով եւ ջուրով ձեռքերը տարրական ձեւերով լուալու:
Անկասկած, հաւաքական ջանքեր անհրաժեշտ են հասարակութեան բոլոր մակարդակներուն մէջ, ներառեալ «հայճին»ի ենթակառուցուածքներուն մէջ կառավարութեան ներդրումներու յաւելումը: Այս տարրական կանոնները կը շարունակեն մնալ առողջապահական եւ համայնքային միջավայրերու մէջ վարակներու կանխարգիլման կարեւոր մեթոտ»,- ըսած է Կլոպըլ «հայճին»ի խորհուրդի նախագահ, փիլիսոփայութեան տոքթոր, պատուաւոր փրոֆեսոր Էլիզապէթ Սքոթ: